Share
Օգոստոս 31, 2010 Տպագրում

ԻՍՐԱՅԷԼ ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ՆԵՐՈՒՄ ՀԱՅՑԱ՞Ծ Է

ԻՍՐԱՅԷԼ ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ՆԵՐՈՒՄ ՀԱՅՑԱ՞Ծ Է

Թրքական «Վաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թուրք դիւանագէտ մը իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնած է, որ Իսրայէլ Պրիւքսելի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի եւ Իսրայէլի ճարտարարուեստի նախարար Պենիամին Պեն Էլիազարի միջեւ գաղտնի հանդիպումի մը ընթացքին «Ազատութեան նաւատորմիղ»ին դէմ յարձակումին համար Թուրքիայէն ներում հայցող նամակ մը գրած է։ Թուրք դիւանագէտը նշած է, որ Տաւութօղլու եւ Պեն Էլիազար նամակը միասին խմբագրած են։

Թուրք դիւանագէտը նաեւ դիտել տուած է, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը նախարարաց խորհուրդի անդամի մը, հաւանաբար արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրմանի ընդդիմութեան պատճառով զգուշացած է նամակը հրապարակելէ։

«Իսրայէլեան նախարարաց խորհուրդին կողմէ նամակին վաւերացումը պիտի նպաստէ յարաբերութեանց դարմանումին, եւ մենք ուրախ պիտի ըլլանք Իսրայէլի վարչապետը Անգարայի մէջ հիւրընկալելու», ըսած է թուրք դիւանագէտը։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker