Յունիս 23, 2010

«« վերադարձ ««
Հրեայ Ցուցարարներ էրտողանին Կը Յիշեցնեն Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ հերթական բողոքի ցոյցը։
Թել Աւիւի մէջ տեղի ունեցած ցոյցին մասնակցած են մասնաւորաբար Ֆրանսայէն ներգաղթած հրեաները։ Ցուցարարները պարզած են «Էրտողանը, Նասրալլան եւ Ահմատինեժատը նոյն աւազակախումբն են» եւ «Էրտողա՛ն, հայերու թափած արիւնը մի՛ մոռնար» գրութեամբ պաստառներ։
Նշենք, որ «Ազատութեան նաւատորմիղ»ին հետ պատահած միջադէպէն ետք Իսրայէլի մէջ պարբերաբար կը կատարուին բողոքի ցոյցեր, որոնց ընթացքին Անգարային յիշեցում կը կատարուի Հայոց ցեղասպանութեան մասին։


