Յունուար 20, 2010
Քազիմիրով. «Նախագահներու հանդիպումէն բեկումնային արդիւնքներ սպասել պէտք չէ»
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նախկին համանախագահ Վլատիմիր Քազիմիրով երէկ յայտարարեց, որ Հայաստանի, Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի նախագահներու յառաջիկայ հանդիպումին իբրեւ արդիւնք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործընթացին մէջ կարելի է հասնիլ միայն փոքր քայլերու եւ յառաջընթացի։
Ըստ անոր, Ս. Սարգսեան շուտով Մոսկուա պիտի մեկնի եւ երեք նախագահներու հանդիպումը պիտի կայանայ յաջորդ շաբաթ։
«Ես չեմ զարմանար, եթէ նախագահներու հանդիպման իբրեւ արդիւնք որոշ յառաջխաղացք արձանագրուի, բայց կը զգուշանամ ըսելու, թէ բեկումնային յառաջընթաց պիտի ըլլայ», ըսաւ դիւանագէտը։




