ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Յունիս 24, 2010 Տպագրում

Ըստ Մամետեարովի՝ Հայաստան Մերժած Է Դիրքորոշուիլ Մատրիտեան Նոր Սկզբունքներուն Նկատմամբ

Ըստ Մամետեարովի՝ Հայաստան Մերժած Է Դիրքորոշուիլ Մատրիտեան Նոր Սկզբունքներուն Նկատմամբ

ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Չորեքշաբթի, Յունիս 23ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ Պաքու ռազմական հռետորաբանութենէն պիտի հրաժարի միայն այն ատեն, երբ հայերը հեռանան ատրպեճանական հողերէն»։

«Ես կը հաւատամ, որ եթէ Հայաստանը գործընթացին վերաբերի առանց ջղագրգիռ հռետորութեան, այլ հարցին մօտենայ ամենայն լրջութեամբ, ապա հակամարտութիւնը կը լուծուի», ըսաւ ան։

«Ս. Փեթերզպուրկի մէջ Հայաստան Մատրիրտեան նոր սկզբունքներուն ոչ «այո» ըսաւ, ոչ ալ՝ «ո»չ, եւ ատիկա ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցով խաղաղ բանակցութիւնները շարունակելու համար կը ստեղծէ մեծ դժուարութիւններ», յայտնեց Մամետեարով։

Ըստ անոր, Հայաստանը մէկ կողմէ կ՛ըսէ, որ պատրաստ է շարունակելու աշխատանքը՝ Մատրիտեան սկզբունքներու հիման վրայ, իսկ միւս կողմէ՝ նոր փաստաթուղթի որոշ կէտերուն չի համաձայնիր։ «Հայաստանը ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կ՛անուանէ սառեցուած, սակայն մենք համաձայն չենք նման ձեւակերպման հետ, որովհետեւ տակաւին զօրքերու շփման գիծին վրայ տեղի կ՛ունենան բախումներ, որոնք մարդկային զոհեր կը պատճառեն», ըսաւ Մամետեարով։

Իր կարգին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Չորեքշաբթի օր դարձեալ յայտարարեց, թէ Ատրպէյճան պիտի վերահաստատէ իր հողային ամբողջականութիւնը, Իսլամական զարգացման դրամատան ժողովին ընթացքին, որ տեղի կ՛ունենար Պաքուի մէջ:

«« վերադարձ ««