ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՌԱԶՄԱԿԱՅԱՆԻ ՀԱՐՑԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՑՆՑԵԼ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՎԵՐՆԱԽԱՒԸ
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւ քննադատած է հայկական կողմը` զայն մեղադրելով «թուլութիւն ցուցաբերելու» մէջ, որովհետեւ երկարաձգած է Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայանի գործողութեան ժամկէտը։
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարին կարծիքով, Հայաստանի իշխանութեան ներկայացուցիչներուն բոլոր յայտարարութիւնները, թէ Ռուսիան պատերազմի վերսկսման պարագային պիտի օգնէ իրենց, կը կրեն «քաղաքական հոգեբանական բնոյթ»։
Միաժամանակ, Ապիեւ սկսած է գովերգել ռազմական այն օգնութիւնը, որուն վերաբերող համաձայնագիրը կնքուած է Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի Պաքու կատարած այցելութեան ընթացքին։ Ան նաեւ խուսափողաբար պատասխան տուած է Կապալայի ռատարի կայանի վարձակալման երկարաձգման վերաբերող հարցումին՝ նշելով, որ այս մասին խօսիլը տակաւին կանուխ է։
Ռազմակայանին վերաբերեալ յայտարարութիւններ կատարած է նաեւ Ազրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահ Պահար Մուրատովա՝ Ռուսիան մեղադրելով «բռնագրաւող երկիրը զինելու յանցանքով»։
Ուշագրաւ է, որ ազրպէյճանցի պաշտօնեաները Ռուսիոյ դէմ քննադատութեան ալիք բարձրացուցած են Տմիթրի Մետվետեւի Պաքու կատարելիք այցելութեան նախօրեակին։
«« վերադարձ ««



