Ս. ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ. Եռակողմ Հաւանական Հանդիպում՝ Հայաստանի, Ռուսիոյ Եւ Ազրպէյճանի Նախագահներուն Միջեւ

Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հրաւէրով, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 17-19 Յունիս աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Ս. Փեթերսպուրկ՝ մասնակցելու համար տարեկան միջազգային տնտեսական համագումարին։
Համագումարի ծիրին մէջ նախատեսուած է նաեւ եռակողմանի հանդիպում Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ։
Սերժ Սարգսեան Ս. Փեթերսպուրկի մէջ պիտի մասնակցի հայ համայնքի 300-ամեակին նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն, Հայկական ազգային մշակութային կեդրոնին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ համայնքի ղեկավարութեան հետ, ներկայ պիտի գտնուի Սալթիքով - Շչետրինի անուան ազգային գրադարանին մէջ հայկական ձեռագիրներու եւ հին տպագիր գիրքերու ցուցահանդէսի բացման, իսկ Ս. Փեթերսպուրկի համալսարանին մէջ՝ Երեւանի եւ Ս. Փեթերսպուրկի պետական համալսարաններուն միջեւ համագործակցութեան ծրագիրի ստորագրման արարողութեան։


