Share
Օգոստոս 30, 2010 Տպագրում

«ՄԵՏՎԵՏԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՊԵՏԱԿԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ ՊԻՏԻ ՍՏՈՐԱԳՐԷ». Կ՛ԸՍԷ ԼԱՒՐՈՎ

«ՄԵՏՎԵՏԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՊԵՏԱԿԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ ՊԻՏԻ ՍՏՈՐԱԳՐԷ». Կ՛ԸՍԷ ԼԱՒՐՈՎ

Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի սեպտեմբերին Ազրպէյճան կատարելիք այցելութեան ընթացքին կը նախատեսուի պետական սահմանի մասին համաձայնագիրի ստորագրութիւն։

«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ այցելութեան հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ պետական սահմանի մասին համաձայնագիրի ստորագրութիւնը եւ Սամուր գետի ջրային աղբիւրներու օգտագործման մասին համաձայնագիրը։

Ըստ Լաւրովի, Ռուսիա Ազրպէյճանը կը նկատէ Հարաւային Կովկասի եւ Կասպից ծովու շրջանին մէջ կարեւոր ռազմավարական գործընկեր, իսկ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները վերելք կ'ապրին։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker