Share
Յունուար 16, 2010 Տպագրում

Արծուիկ Մինասեան. «Սահմանադրական Դատարանի որոշումը ներհայկական համաձայնութիւն ձեւաւորելու փորձ էր»

Արծուիկ Մինասեան. «Սահմանադրական Դատարանի որոշումը ներհայկական համաձայնութիւն ձեւաւորելու փորձ էր»

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան երէկ յայտնեց, որ Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւններուն դէմ եղող ուժերը 11 յունուարին Սահմանադրական դատարանին ներկայացուցած իրենց նամակով երկու գլխաւոր նպատակ կը հետապնդէին՝ հասնիլ արձանագրութիւններու ճանաչման կամ անոնց մէջ վերապահումներ կատարել: Ըստ էութեան, ընդդիմադիր ուժերը երկրորդ նպատակին հասած են:

Ա. Մինասեան նշեց, որ ասիկա վերջնական յաջողութիւն չէ: Ըստ անոր, իրաւական տեսանկիւնէն Սահմանադրական դատարանի որոշումը ներհայկական համաձայնութիւն ձեւաւորելու փորձ էր: Դատարանը կ'արձանագրէ, որ արձանագրութիւններուն մէջ ղարաբաղեան հարց չի կրնար գոյութիւն ունենալ, Հայաստանի իշխանութիւնը Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը վտանգող որեւէ գործողութիւն չի կրնար իրականացնել, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայ սահմանը չի կրնար դիտարկուիլ իբրեւ վերջնական սահման:

«Ասոնք գոյութիւն ունին դատարանի որոշումին մէջ, սակայն այս որոշումը միջազգային իրաւունքին մէջ կրնայ վկայակոչուիլ միայն այն պարագային, երբ այս հաստատումները նկատուին արձանագրութիւններու անբաժան մաս: Իսկ որպէսզի այդպէս ըլլայ, անհրաժեշտ է, որ այս հաստատումները վերապահումներու վերածուին», յայտնեց Ա. Մինասեան: Արձանագրութիւններուն վերաբերեալ Սահմանադրական դատարանի որոշումին 5 եւ 6 կէտերով՝ Հայաստան պարտաւոր է առաջնորդուիլ դատարանի որոշումով եւ իր որոշումները համաձայնեցնել անոր հետ: Ասիկա կը նշանակէ, որ Հայաստանի նախագահը արձանագրութիւնները Ազգային ժողովին ներկայացնելու ընթացքին պարտաւոր է այդ որոշումով առաջնորդուիլ եւ վերապահում ներկայացնել: Կամ Ազգային ժողովին պէտք է այդպիսի կարելիութիւն տայ: Ըստ Ա. Մինասեանի, օրէնսդրական փոփոխութիւններու միջոցով Ազգային ժողովը պէտք է վերստանայ միջազգային պայմանագիրը վերապահումներով վաւերացնելու իրաւունքը:

Ա. Մինասեան նաեւ ընդգծեց, որ դատարանը հաստատեց ընդդիմադիր ուժերու՝ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան տուած գնահատականները, ըստ որոնց, «Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը կ'իրականացուի չափազանց վատ ձեւով, բանակցութիւնները եւ անոնց հիման վրայ ստեղծուած փաստաթուղթերը կառուցուած են միջազգային իրաւունքի եւ Հայաստանի ներպետական օրէնսդրութեան կոպիտ խախտումներով»:

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker