Share
Օգոստոս 25, 2010 Տպագրում

Ատրպէյճանի Մէջ Կը Ստեղծուի Ապաքարոզչութեան «Հայկական Կեդրոն»

Ատրպէյճանի Մէջ Կը Ստեղծուի Ապաքարոզչութեան «Հայկական Կեդրոն»

ՊԱՔՈՒ, «Նիուզ».- Ըստ Պաքուի պետական համալսարանի մամլոյ ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ համալսարանին մէջ պիտի ստեղծուի Հայկական հետազօտութիւններու գիտական կեդրոն մը, որ պիտի համակարգէ հայալեզու մամուլը, համացանց-կայքերը եւ պատկերասփիւռի նիւթերը ու անոր հիման վրայ պիտի պատրաստուին վերլուծական յօդուածներ, զեկոյցներ: Կեդրոնին համար պիտի ստեղծուի  առանձին կայք եւ պիտի տպուի գիտական հանդէս, որոնք պիտի թարգմանուին այլ լեզուներու:

«Կեդրոնը պիտի զբաղի «հայկական հարցի» պատմական ու ժամանակակից խնդիրներով եւ Ատրպէյճանի հանրութեան պիտի տեղեկացնէ Հայաստանի մէջ ընթացող հանրային-քաղաքական գործընթացներուն մասին: Կեդրոնի գործունէութիւնը կապուած պիտի ըլլայ հայկական պետութեան եւ Սփիւռքի կողմէ՝ «Ատրպէյճանի եւ թրքական աշխարհի դէմ ուղղուած գաղափարախօսական եւ շեղած գործունէութեան ուսումնասիրութեան հետ», նշած է մամլոյ սպասարկութիւնը: Հայկական հետազօտութիւններու գիտական կեդրոնի ղեկավարը՝ լրագրող-հետազօտող Ճաֆար Չախմագլին է:

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker