Յունիս 22, 2010

«« վերադարձ ««
Մնացականեան Հրաժարեցաւ Աշխատանքի Եւ Ընկերային Հարցերու Նախարարի Պաշտօնէն

Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Մխիթար Մնացականեան հրաժարական տուած է իր պաշտօնէն։ Այս լուրը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հաստատեցին թէ՛ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը եւ թէ՛ բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի բանբեր Խաչիկ Գալստեան։ Հրաժարականի պատճառներն ու մանրամասնութիւնները առայժմ չեն հաղորդուիր։
Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարին պաշտօնը վերապահուած է «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան։ Մնացականեան նախարար նշանակուած էր նոյեմբեր 2009-ին՝ Գէորգ Պետրոսեանի հրաժարականէն ետք։


