Share
Յունուար 21, 2010 Տպագրում

Նալբանդեան Տաւութօղլուի Կը Յորդորէ «Մտացածին Պատրուակներ» Չփնտռել

Նալբանդեան Տաւութօղլուի Կը Յորդորէ «Մտացածին Պատրուակներ» Չփնտռել

ԵՐԵՒԱՆ.- Յունուար 20-ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի հետ ու իր տարակուսանքը յայտնած է Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումին առիթով՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Յունուար 18-ի յայտարարութեան կապակցութեամբ:

Նախարարը նշած է, թէ «Արձանագրութիւնները Հայաստանի հանրապետութեան սահմանադրութեանը չհակասելու մասին Սահմանադրական դատարանի որոշման մէջ նախապայմաններ, եւ հիմնարար նպատակի հետ հակասութիւն տեսնելը առնուազն զարմանք է յարուցում»:

Նալբանդեան մտահոգութիւն յայտնած է առ այն, թէ Թուրքիոյ մէջ 2009-ի Հոկտեմբերէն ի վեր, վաւերացման գործընթացի գծով որեւէ առաջընթաց չի նկատուիր: Միեւնոյն ժամանակ, թրքական կողմը շարունակաբար եւ բացայայտօրէն կը փորձէ նախապայմաններ առաջ քաշել. այս գործելաոճը կը ստեղծէ արհեստական պատրուակներու փնտռտուքի տպաւորութիւն եւ վտանգի տակ կը դնէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման ամբողջ գործընթացը:

Հայաստանի ԱԳ նախարարը, դրական գնահատելով այն փաստը, որ թրքական կողմը Յունուար 18-ի ԱԳՆ յայտարարութեամբ հրապարակաւ վերահաստատած է նախապայմաններ առաջադրելու վնասակարութիւնը՝ իր թուրք գործընկերոջ առաջարկած է հաւատարիմ մնալ արձանագրութիւններու տառին եւ ոգիին, ու արագօրէն առաջ ընթանալ:

Նախարար Նալբանդեան աւելցուցած է, թէ Հայաստանի մէջ վաւերացման գործընթացը կը յառաջանայ սահմանուած կարգով եւ «առանց անհարկի ձգձգումների, ինչի վկայութիւնն է ՀՀ Սահմանադրական դատարանի որոշումը՝ սահմանուած ժամկէտից առաւել քան մէկ ամիս շուտ»:

Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ այս հեռախօսազրոյցին մասին տեղեկատուութիւնը կը շարունակուի արձանագրելով, թէ «Նախարար Նալբանդեան վերահաստատել է, որ անհրաժեշտ է, համաձայն ստանձնած յանձնառութիւնների, հետամուտ լինել արձանագրութիւնների անյապաղ վաւերացմանն ու իրագործմանը՝ ձեռնպահ մնալով գործընթացը ձախողելուն ուղղուած մտացածին պատրուակներ առաջադրելու գործելաոճից»։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը ոչ մէկ ակնարկ կ'ընէ Տաւութօղլուի պատասխաններուն մասին: «Ազատութիւն» կայանը, թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ վկայակոչելով՝ կը յայտնէ, թէ Տաւութօղլու Նալբանդեանին յայտնած է, որ Թուրքիա հաստատ կը մնայ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշման նկատմամբ իր գնահատականին: Տաւութօղլու նաեւ յայտնած է, թէ արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացը Թուրքիոյ մէջ աւելի առաջ գացած է քան Հայաստանի մէջ:

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker