ՕԹԱՆ 18 Յունիսի Միջադէպին Կապակցութեամբ Ափսոսանք Կը Յայտնէ

ՕԹԱՆ-ի աղէտներու համակարգման կեդրոնի ղեկավար Կունթեր Պրենտշնայտըր 23 յունիսին Երեւանի մէջ յայտարարած է, որ ՕԹԱՆ ափսոսանք կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գօտիին մէջ տեղի ունեցած միջադէպին առնչութեամբ։
Ան Երեւան կը գտնուի մասնակցելու համար «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան» ծրագիրի ծիրին մէջ այս տարուան 11-17 սեպտեմբերին Կոտայքի մարզին մէջ կատարուելիք «Արմենիա 2010» դաշտային տեսական եւ գործնական վարժութիւններու ծրագրաւորման խորհրդաժողովին։
Այս խորհրդաժողովին մասնակցելու համար հրաւէր ստացած էր նաեւ Ազրպէյճան, սակայն չէ ներկայացած։ Պրենտշնայտըր այս առնչութեամբ նշած է, որ տեղեակ չէ, թէ Ազրպէյճան ի՛նչ մտադրութիւններ ունի, սակայն այն իրողութիւնը, որ Թուրքիոյ չորս ներկայացուցիչներ ներկայ են Երեւանի խորհրդաժողովին, կը վկայէ այն մասին, որ Թուրքիա պիտի մասնակցի սեպտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք հաւաքին։
Երեւանի խորհրդաժողովին կը մասնակցին աւելի քան քսան երկիրներ, որոնց շարքին են թէ՛ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներ, թէ՛ կազմակերպութեան գործընկերներ։


