Մէկ Գիշերուան Ընթացքին՝ Ատրպէյճան 284 Անգամ Խախտեց Հրադադարը

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու կողմէ Ղարաբաղի շփման գօտիէն ներս Ֆիզուլիի ուղղութեամբ տեղի ունեցած միջադէպի մասին տարածուած ապատեղեկատուութիւնը իրար յաջորդող յայտարարութիւններով կատարուեցաւ, ըստ որոնց՝ իբրեւ թէ ղարաբաղեան ստորաբաժանումները յարձակում գործեցին Աշաղը Աբդուռահմանլու գիւղի շրջանէն ներս տեղակայուած իրենց դիրքերուն վրայ, որու արդիւնքով զոհուեցաւ մէկ ատրպէյճանցի զինուոր: Հայկական աղբիւրները կը շեշտեն թէ այսպիսի լուրեր լրիւ ապատեղեկատուութիւն կը կազմեն եւ չեն համապատասխաներ իրականութեան:
ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի լրատուական ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ շփման գօտիին վրայ տեղի ունեցած փոխ հրաձգութեան դէպքերը, Յունիս 20-ի լոյս 21-ի գիշերը, հրադադարի խախտման բազմաթիւ դէպքեր էին, ոչ միայն Ֆիզուլիի, այլեւ առաջնային գիծի ամբողջ երկարութեամբ: Այդ ընթացքին, միայն ատրպէյճանական առաջապահ ուժերուն կողմէ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ՝ դիպուկահար հրացաններէ հրադադարի ռեժիմը խախտուած է 284 անգամ:


