ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Յունիս 22, 2010 Տպագրում

«Առանց Բանակցութիւններուն Լեռնային Ղարաբաղի Լիարժէք Մասնակցութեան Անկարելի Է Որեւէ Բան Որոշել». Կ՛ԸՍԷ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ

«Առանց Բանակցութիւններուն Լեռնային Ղարաբաղի Լիարժէք Մասնակցութեան Անկարելի Է Որեւէ Բան Որոշել». Կ՛ԸՍԷ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ռուսական «Նեզաւիսիմայա Կազեթա» թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ կարելի է որեւէ որոշում տալ առանց բանակցութիւններուն Լեռնային Ղարաբաղի լիարժք մասնակցութեան։ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդն է, որ կամքի արտայայտութեամբ պէտք է որոշէ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը։

Ըստ անոր, ներկայիս բանակցութիւնները կ'ընթանան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նոյեմբեր 2007-ին ներկայացուած Մատրիտեան փաստաթուղթին հիման վրայ, որ ընդունուած է Հայաստանի կողմէ։ Մինչդեռ Ազրպէյճան կը հերքէր այդ փաստաթուղթի գոյութիւնը, իսկ հիմա կը ձեւացնէ, թէ «որոշ չափով կ'ընդունի»։

Է. Նալբանդեան նշեց, որ բնականաբար տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին հիմնական հարցը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրագործումն է։

«Յայտարարելով Լեռնային Ղարաբաղին Ազրպէյճանի կազմին մէջ ինքնավարութեան բարձր կարգավիճակ տրամադրելու պատրաստակամութեան մասին՝ Ազրպէյճանի ղեկավարները կը փորձեն կանխորոշել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման ելքը, անով իսկ, ըստ էութեան, մերժելով ինքնորոշման սկզբունքը», յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը՝ աւելցնելով, որ այդ սկզբունքը Մատրիտեան փաստաթուղթի երեք հիմնարար սկզբունքներէն մէկն է, որ վերահաստատուած է Աթէնքի մէջ դեկտեմբեր 2009-ին ԵԱՀԿ-ի 56 անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ։

Ըստ Է. Նալբանդեանի, Ազրպէյճան կոպտօրէն կը խախտէ նաեւ միւս հիմնարար սկզբունքը՝ ուժ կամ անոր սպառնալիքը չկիրարկելու սկզբունքը՝ կառչելով միայն տարածքային ամբողջականութեան պահպանման սկզբունքէն։ Նախարարը նշեց, որ ազրպէյճանցիք հաւանաբար այդ մէկը կ'ընեն բանակցութիւնները ձախողեցնելու նպատակով։

«« վերադարձ ««