ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Յունիս 18, 2010 Տպագրում

«Հայաստանի Հզօրացումը, Ղարաբաղի Անկախութեան Ամրապնդումը Եւ Հայ Ժողովուրդի Իրաւունքներու Հետապնդումը Պէտք Է Կազմեն Մեր Առաջնահերթութիւնը». ԿԸ ՇԵՇՏԷ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

«Հայաստանի Հզօրացումը, Ղարաբաղի Անկախութեան Ամրապնդումը Եւ Հայ Ժողովուրդի Իրաւունքներու Հետապնդումը Պէտք Է Կազմեն Մեր Առաջնահերթութիւնը». ԿԸ ՇԵՇՏԷ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Վան - Վասպուրականի հերոսական ինքնապաշտպանութեան 95-ամեակին առիթով՝ Վան - Վասպուրականի հայրենակցական միութեան ուղղած իր հայրապետական օրհնութեան գիրին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս կը յիշեցնէ, թէ Վան - Վասպուրականի քաջարի ժողովուրդը իր հաւատքի զօրութեամբ ու միասնական ոգիով դէմ կեցաւ թշնամիին՝ պաշտպանելով իր ազգային արժանապատուութիւնը։

Նոյն օրհնութեան գիրին մէջ վեհափառը կ'ըսէ, թէ «հայրենիքի հզօրացումը, Ղարաբաղի անկախութեան ամրապնդումը եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդումը՝ Ցեղասպանութեան ճանաչումով ու հատուցումով, պէտք է կազմեն մեր բոլոր կառոյցներուն, յատկապէս հայրենակցական միութիւններուն եւ հասարակական ու ազգային կազմակերպութիւններուն օրակարգի առաջնահերթութիւնները»։

Յայտնենք, որ վերոյիշեալ միութեան 11-րդ պատգամաւորական ժողովը պիտի գումարուի Տիթրոյիթի մէջ, Միացեալ Նահանգներ։

«« վերադարձ ««