ԱՐՁԱԳԱնԳ
ԿԱՊ
ԱՐՁԱԳԱնԳ
Ի՞նչ կը մտածէք Կիպրահայ Վարժարաններու Հոգաբարձութեան նոր կազմին մասին։

կարծիք 4 կարծիք
Արխիւ (pdf) կարթա ԱՐՁԱԳԱնԳ օն-լայն Փետրուար 2010
http://www.artsakank.com.cy/am

ՀԱՅԿԱԿԱՆ

http://www.artsakank.com.cy/am
Փետրուար 06, 2010 Տպագրում

Ղարաբաղի Մէջ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ՝ Մայիս 23-ին

Ղարաբաղի Մէջ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ՝ Մայիս 23-ին

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Հետք».- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Փետրուար 5-ին ստորագրած է հրամանագիր մը, ըստ որուն Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2010-ի Մայիս 23-ին:

Յիշեցնենք, որ այս խորհրդարանական ընտրութիւններուն 33 պատգամաւորներէն 17-ն պիտի ընտրուի համամասնական, իսկ 16-ը՝ մեծամասնական ընտրակարգով:

Նոյն օրը, մասնակցութեամբ ԼՂՀ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Սերգէյ Նասիբեանի, Ղարաբաղի խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները քննարկած են ընդունուած «ԼՂՀ ընտրական օրէնսգրքում փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքին նախագիծը:

Լսումներուն ժամանակ տեղեկացուած է նաեւ, որ նուազած է կուսակցութիւններուն՝ խորհրդարան մտնելու համար սահմանուած ձայնին տոկոսը։ Նախապէս խորհրդարան մտնելու համար կուսակցութիւնը պէտք է հաւաքէր 10 տոկոս ձայն, իսկ կուսակցութիւններու դաշինքը՝ 15: Այժմ, խորհրդարանական ընտրութուններուն իբրեւ արդիւնք, կուսակցութիւն մը ԱԺ կրնայ մտնել առնուազն 5 տոկոս ձայնով, իսկ կուսակցութիւններու դաշինքը՝ 7 տոկոս: Այս փոփոխութեամբ, ըստ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեանի, հնարաւորութիւն պիտի ստեղծուի աւելի ներկայացուցչական խորհրդարան մը ունենալու:

http://www.artsakank.com.cy/am

«« վերադարձ ««