Share
Օգոստոս 25, 2010 Տպագրում

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՄՏԱՀՈԳԻՉ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐԸ ՄԱԿ-Ի ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՉԸՆԴԳՐԿԵԼՈՒ ՀԱՐՑԸ

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՄՏԱՀՈԳԻՉ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐԸ ՄԱԿ-Ի ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՉԸՆԴԳՐԿԵԼՈՒ ՀԱՐՑԸ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Հայաստանի մէջ գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի նոր նշանակուած ներկայացուցիչ Տամթիու Տեսալէյնը։

Նախագահ Սարգսեան նշած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը եւ յանձնակատարի գրասենեակը շուրջ երկու տասնամեակներէ ի վեր արդիւնաւէտօրէն կը համագործակցին։ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է գաղթականներու համարկման եւ անոնց խնդիրները լուծելու գործին մէջ Հայաստանի կառավարութեան ջանքերուն գրասենեակին ցուցաբերած աջակցութեան համար։

Նախագահը ընդգծած է, որ հակառակ կատարուած մեծ աշխատանքին, բազմաթիւ գաղթականներ տակաւին կ'ապրին ժամանակաւոր կացարաններու մէջ։

Հանրապետութեան նախագահը կարեւոր նկատած է գաղթականները բնակարաններով ապահովելու գործին մէջ յանձնակատարի գրասենեակին եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ համագործակցութեան շարունակութիւնը։

ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի ներկայացուցիչը յայտնած է, որ յանձնակատարի գրասենեակին հետ Հայաստանի կառավարութեան ճիշդ եւ նպատակաուղղուած երկարամեայ համագործակցութիւնը իսկապէս մեծ արդիւնքներ տուած է։
Նախագահը եւ Տամթիու Տեսալէյն խօսած են Հայաստանի եւ ՄԱԿ-ի վերոնշեալ գրասենեակին միջեւ համագործակցութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին, մասնաւորաբար կարեւոր նկատած են 2011-ին կազմակերպուելիք նուիրատուներու վեհաժողովը, որուն պիտի մասնակցի նաեւ ՄԱԿ-ի՝ գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարը։

Երկրին ղեկավարը անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող գաղթականներու խնդիրին։ Նշելով, որ Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը գաղթականներու խնդիրը երբեք չեն դարձուցած քաղաքական շահարկումներու առարկայ, Սերժ Սարգսեան մտահոգիչ նկատած է այն փաստը, որ անոնք ընդգրկուած չեն ՄԱԿ-ի գաղթականներու աջակցութեան ծրագիրներուն մէջ։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker