Ճանապարհները Կարեւոր Ռազմավարական Նշանակութիւն Ունին Արցախի Համար

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը Յունիս 13-ին այցելեց Մարտունիի շրջանային կեդրոնէն ներս գործող դաշտային շտապ-ճամբարը, կը հաղորդէ PanARMENIAN.Net ը:
Նախագահը Մարտունիի շրջանէն ներս ճանապարհներու շինարարութեան ու վերականգնման գործին մէջ աշխուժ մասնակցութիւն ունեցած խումբ մը շինարարներու եւ պաշտպանութեան բանակի զինծառայողներուն յանձնած է արժէքաւոր նուէրներ ու դրամական պարգեւներ:
Երկրի ղեկավարը գնահատած է տարուած աշխատանքը եւ շնորհակալութիւն յայտնած է ճանապարհներու բարելաւման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն կապակցութեամբ: Ան նշած է, որ ճանապարհաշինութիւնը ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունի հանրապետութեան զարգացման ու ապահովման համար:
Միջոցառման իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեանը, ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Երիցեանը, իր առաջին տեղակալ Էդիկ Բարսեղեանը, պաշտօնատար այլ անձեր, կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը:


