Ռոպեր Քոփթաշ Պոլսահայ «ԱԿՕՍ» Շաբաթաթերթի Գլխաւոր Խմբագիր

PanArmenian.net լրատուական կայքէջը վկայակոչելով թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ պոլսահայ «Ակօս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը ստանձնած է 32-ամեայ Ռոպեր Քոփթաշ, որ թերթին մէջ կ'աշխատէր իբրեւ յօդուածագիր։ Նախկին գլխաւոր խմբագիր Էթիեն Մահչուպեան պիտի ստանձնէ հրատարակչութեան խորհրդատուի պաշտօնը։
«Յաջորդ շաբաթ ես եւ Քոփթաշ պիտի տանք մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի կատարենք միացեալ յայտարարութիւն մը։ Ան նաեւ պիտի ներկայացուի իբրեւ նոր գլխաւոր խմբագիր», ըսած է Մահչուպեան։
Էթիեն Մահչուպեան երկար ժամանակ աշխատած է Հրանդ Տինքի հետ, իսկ 19 յունուար 2007-ին Տինքի սպանութենէն ետք վերջինիս ընտանիքին համաձայնութեամբ դարձած է «Ակօս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր։ Ան կը յայտնէ, որ թերթը հաւատարիմ կը մնայ Հրանդ Տինքի գաղափարներուն եւ սկզբունքներուն։
Տինք ընտանիքի աղբիւրներուն համաձայն, «Ակօս»ի խմբագրութիւնը կրնայ համալրուիլ նոր լրագրողներով։
Հրանդ Տինքի հիմնած «Ակօս» շաբաթաթերթի առաջին թիւը լոյս տեսած է 5 ապրիլ 1996-ին։


