«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂ ՌԱԶՄԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴԱՇԻՆՔ ՊԷՏՔ Է ԿՆՔԵՆ». Կ՛ԸՍԷ ԱՐՄԷՆ ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը նկատէ,որ Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայանի մասին համաձայնագիրին մէջ կատարուած փոփոխութիւնները թելադրուած էին հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին ձախողութեամբ։
«Հայ-թրքական յարաբերութիւններու ըստ էութեան ձախողած հոլովոյթը, այն ինչ որ մենք կ'ուզէինք, անոր հակառակը յառաջացուց.իբրեւ թէ պատերազմի վտանգը պիտի պակսեցնէր։ Սակայն ճիշդ հակառակը տեղի ունեցաւ եւ այսօր պատերազմի վտանգը աճած է», լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան։ «Երկրորդ կարեւոր հարցը. կ'ըսէինք, որ իբրեւ թէ թուրք-ազրպէյճանական շահերուն մէջ որոշ բախում պիտի յառաջացնենք, հակասութիւն յառաջացնենք, այդ դաշինքը խզենք եւ մեր դիրքերը կ'ամրապնդուին բանակցային հոլովոյթին մէջ։ Ճիշդ հակառակը տեղի ունեցաւ՝այդ դաշինքը աւելի եւս ամրապնդուեցաւ, եւ որոշած են արդէն խարիսխներ տեղադրել նոյնինքն Նախիջեւանի մէջ», ընդգծեց Ա. Ռուստամեան։
Ըստ Ռուստամեանի,այդ ամէնով յառաջացաւ Հայաստանի համար շատ աւելի վտանգաւոր իրավիճակ, եւ այս քայլը (ռուսական ռազմակայանի մասին համաձայնագիրին մէջ փոփոխութիւնները) անով թելադրուած է։
Դաշնակցութիւնը դրական կը նկատէ Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայանի տեղակայման ժամկէտի երկարաձգման եւ անոր լիազօրութիւններու ընդլայնման մասին արձանագրութիւնը,որով ռուսական ռազմակայանը մինչեւ 2044 թուական կը պարտաւորուի նաեւ Հայաստանի անվտանգութիւնը ապահովել։
Այս համաձայնագիրով Ռուսիա յայտարարեց,որ Հայաստանի անվտանգութիւնը մեծապէս կախեալ է Ռուսիայէն եւ Հայաստան այս առումով այլընտրանք չունի։
Անդրադառնալով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին Ազրպէյճանի ներկայացուցած բանաձեւի նախագիծին, դաշնակցական գործիչը տեղեկացուց, որ Դաշնակցութիւնը արդէն հրահանգած է Հայ դատի բոլոր կառոյցներուն՝ լոպիինկի աշխատանք սկսելու բոլոր երկիրներուն հետ, որպէսզի այդ բանաձեւին ընդունումը կանխեն։
Ըստ անոր, պատասխանելով Ազրպէյճանի առած այսպիսի քայլերուն, Հայաստան պէտք է նախաձեռնէ Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման հոլովոյթին, ինչպէս ատիկա կը կատարուի Ցեղասպանութեան ճանաչման հետ կապուած։ Ռուստամեան հաստատեց, որ անոր համար Հայաստան եւ Ղարաբաղ պէտք է կնքեն ռազմաքաղաքական դաշինք, ուր յստակօրէն պիտի նշուի, որ Հայաստան կը հանդիսանայ Լեռնային Ղարաբաղի «անկախութեան եւ անվտանգութեան երաշխաւորը»։
«Հաւատացէ՛ք, որ ատիկա ոչ պակաս կարեւոր նիւթ է միջազգային նշանակութեան առումով,որքան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման հարցը», պնդեց Ռուստամեան։
Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչը քննադատեց նաեւ իշխանութիւններուն վարած ներքին քաղաքականութիւնը եւ ընդգծեց,որ հիմնական խնդիրը «արդարութեան եւ ազատութեան պակասն է»։
«Արդարութեան եւ ազատութեան պակասը կը դրսեւորուի ամէն քայլափոխի։ Այն աստիճանի, որ մենք երկու տեսակի պետութիւն ստեղծած ենք. մէկը՝ փոքրամասնութեան պետութիւնը, որ կ'ապրի այդ պետութեան արտօնութիւններէն օգտուելով, որոշ տեղ շրջանցելով։ Իսկ միւսը՝ մեծամասնութեան պետութիւնը, ուր այդ մեծամասնութիւնը մատնուած է բախտի քմահաճոյքին. մէկը արտագաղթի ճամբան կը բռնէ, միւսը՝ կը հիասթափի, մէկ կողմ կը քաշուի», յայտնեց ան։ Ան աւելցուց, որ Դաշնակցութիւնը կը ցանկայ ընտրութիւններուն միջոցով ձեւաւորել նոր իշխանութիւն մը, որ երկրին զարգացումը չի կապեր զիջումներուն հետ եւ ի վիճակի պիտի ըլլայ ձեւաւորելու ժողովրդավարական պետութիւն մը։
«« վերադարձ ««



