ԱՐՁԱԳԱնԳ
ԿԱՊ
ԱՐՁԱԳԱնԳ
Ի՞նչ կը մտածէք Կիպրահայ Վարժարաններու Հոգաբարձութեան նոր կազմին մասին։

կարծիք 4 կարծիք
Արխիւ (pdf) կարթա ԱՐՁԱԳԱնԳ օն-լայն Փետրուար 2010
http://www.artsakank.com.cy/am

ՀԱՅԿԱԿԱՆ

http://www.artsakank.com.cy/am
Փետրուար 06, 2010 Տպագրում

Իշխանական Մարդասիրական Ծրագիր Հայաստանի Եւ Սկովտիոյ Ի Նպաստ

Իշխանական Մարդասիրական Ծրագիր Հայաստանի Եւ Սկովտիոյ Ի Նպաստ

ԼՈՆՏՈՆ.- Չորեքշաբթի, Փետրուար 10-ին, Հայաստանի «Երեւան իմ սէր» ու Սկովտիոյ «Տամֆրիզ հաուս» ծրագիրներուն համար դրամահաւաքի պատմական երգահանդէս մը տեղի պիտի ունենայ Բրիտանիոյ թագաւորական Ուինծըր դղեակին մէջ, հիւրընկալութեամբ Կալեսի Չարլզ իշխանի եւ փրոֆ. Արմէն Սարգիսեանի:

Հայաստանի նախկին վարչապետ, փրոֆ. Արմէն Սարգիսեան կը յայտնէ, թէ զոյգ ծրագիրներուն նպատակն է՝ վերաշխուժացնել քաղաքային տարածքները, միաժամանակ պաշտպանելով շրջաններուն մշակութային ժառանգութիւնը: Սարգսեան այս նպատակներուն հասնելու համար մօտէն կը գործակցի Չարլզ իշխանին հետ՝ Բրիտանիա-Հայաստան յարաբերութեանց պատմութեան մէջ այս յատկանշական ու աննախընթաց էջը գրելով:

Ձեռնարկին ներկայ պիտի ըլլան շարք մը երկիրներու ներկայ եւ անցեալի ղեկավարներ, ինչպէս նաեւ հանրածանօթ քաղաքական, մշակութային եւ քաղաքային դէմքեր: Հայաստանէն պիտի ըլլան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Գարեգին Բ. կաթողիկոս, Երեւանի քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեան ու արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:

Երգահանդէսին պիտի մասնակցին աշխարհահռչակ խմբավար Վալերի Կերկիեւ, երգչուհի Տարիկա Նազարպաեւա, ջութակահար Միքայէլ Սիմոնեան, ինչպէս նաեւ Լոնտոնի ֆիլհարմոնիք նուագախումբը՝ ղեկավարութեամբ Հայաստանի Ազգային երիտասարդական նուագախումբի խմբավար Սերգէյ Սմբատեանի:

«Երեւան իմ սէր» ծրագրին նպատակն է վերականգնել Երեւանի պատմական շրջանները, պահպանելու համար անոր երեք հազարամեայ պատմութիւնը, միաժամանակ զանոնք դարձնելով արդի քաղաքին աշխոյժ թաղամասերը: Ծրագիրը նաեւ ունի ընկերային երես մը, որուն շնորհիւ կազմակերպիչները պիտի փորձեն երեխաներու եւ յատկապէս որբերու ու չքաւորներու կեանքին մակարդակը բարելաւել: Իսկ «Տամֆրիզ հաուս» ծրագրին նպատակն է՝ վերականգնել 1750-ական թուականներուն Սկովտիոյ մէջ կառուցուած խնդրոյ առարկայ կառոյցը, զայն վերածելով զբօսաշրջային կեդրոնի մը:

http://www.artsakank.com.cy/am

«« վերադարձ ««