«ՌՈՒՍԻԱ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ԴԻՏԱՐԿԷ ԻԲՐԵՒ ԵՐԿԱՐԱԺԱՄԿԷՏ». Կ՛ԸՍԷ ԱԶԻՄՈՎ
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմով յայտարարած է, որ Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայանի տեղակայման ժամկէտի երկարաձգման մասին արձանագրութեան ստորագրումը երկու երկիրներուն գործն է։
«Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ զինուորական արձանագրութեան ստորագրումը այդ երկու երկիրներուն գործն է։ Ատիկա կը վերաբերի երկու երկիրներու կապերուն։ Արձանագրութեան ստորագրումը կը վկայէ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ զինուորական նպատակներուն մասին։ Ատիկա ցոյց կու տայ, որ Ռուսիան Հայաստանի տարածքը կ'օգտագործէ իբրեւ զինապահեստանոց, եւ Ռուսիան այդ ռազմական յարաբերութիւնները կը դիտարկէ իբրեւ երկարաժամկէտ։ Այդ է հիմնական եւ վերջնական արդիւնքը։ Անհանգստանալու պատճառ չկայ։ Մենք նախապէս կը սպասէինք այսպիսի զարգացումի եւ կը հասկնայինք Հայաստանի հետ Ռուսիոյ յարաբերութիւններու իրողութիւնները», ըսած է Ազիմով։
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարարը միեւնոյն ժամանակ յայտարարած է. «Մենք մտադիր ենք ընդլայնել մեր յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ եւ յոյս ունինք, որ ռուսական կողմը նոյնպէս նման մտադրութիւն ունի։ Իսկ, թէ ի՛նչ կը փոխէ ստորագրուած զինուորական արձանագրութիւնը, սկզբունքով, Ռուսիա երկար տարիներէ ի վեր այդ ռազմակայանը Հայաստանի մէջ կը պահէ։ Կը նախատեսուէր 25 տարուան ընթացքին տեղակայում։ Արձանագրութեամբ ժամկէտը յաւելեալ 24 տարիով երկարաձգուեցաւ։ Սկզբունքով, ժամկէտն է, որ կ'երկարաձգուի։ Իսկ ռազմակայանի տեղակայման դերը, կամ որեւէ ազդեցութիւն կրնար դրսեւորուիլ 25 տարուան ընթացքին ալ։ Որեւէ սկզբունքային փոփոխութիւն չեմ տեսներ, ժամկէտի երկարաձգումէն բացի։ Պարզապէս, ասիկա անգամ մը եւս ցոյց կու տայ Հայաստանի հետ Ռուսիոյ յարաբերութիւններու առանձնայատկութիւնը», ըսած է Ազիմով։
«« վերադարձ ««



