ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Յունիս 19, 2010 Տպագրում

ԸՍՏ ՌՈՒՍԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՄԱՄԼՈՅ ԲԱՆԲԵՐԻՆ. Լենային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Հիմնական Սկզբունքներուն Շուրջ Կողմերու Դիրքորոշումները Մօտեցած Են

ԸՍՏ ՌՈՒՍԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՄԱՄԼՈՅ ԲԱՆԲԵՐԻՆ. Լենային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Հիմնական Սկզբունքներուն Շուրջ Կողմերու Դիրքորոշումները Մօտեցած Են

«Ռիա Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ բանբեր Նաթալիա Թիմաքովա Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ըսած է, թէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հետ հանդիպումին ընթացքին ղարաբաղեան տագնապի լուծման Մատրիտեան սկզբունքներուն շուրջ համաձայնութիւն ձեռք բերելու շուրջ երկխօսութիւնը շարունակելու իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած են։

«Ընդգծուած է կողմերու դիրքորոշումներու մերձեցումը տագնապի լուծման հիմնական սկզբունքներու բնագիրի շարք մը վիճելի դրոյթներուն վերաբերեալ», ըսած է Թիմաքովա՝ նշելով, որ եռակողմ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հանգուցային խնդիրները։

«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները հաստատած են այդ փաստաթուղթին շուրջ աշխատանքները իրենց աւարտին հասցնելու ուղղութեամբ երկխօսութիւնը շարունակելու իրենց պատրաստակամութիւնը՝ իբրեւ համանախագահող երկիրներ Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ»։

«« վերադարձ ««