Նախագահ Բակօ Սահակեան Կը Հանդիպի Զօր. Սէյրան Օհանեանի

Երէկ աշխատանքային այցելութեամբ Արցախ ժամանեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։
Օդակայանին մէջ Հայաստանի նախագահին դիմաւորեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր։
Երկու նախագահները այցելեցին Ստեփանակերտի կեդրոնական զինուորական հիւանդանոցին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի ապաքինող զինուորներուն, որոնք վերջերս վիրաւորուած էին ազրպէյճանական կողմի սադրիչ գործողութեանց պատճառով։
Այնուհետեւ Բակօ Սահակեան եւ Սերժ Սարգսեան մասնակցեցան նոր զօրամասի բացման հանդիսաւոր արարողութեան։
Միւս կողմէ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը։
Հանդիպման ընթացքին, որուն մասնակցեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան, քննարկուեցան բանակաշինութեան եւ շրջանին մէջ ընթացող հոլովոյթներուն վերաբերող հարցեր։


