Share
Օգոստոս 31, 2010 Տպագրում

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿՈՊԻՏ ՍԽԱԼ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ՄԱԿ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ ԲԱՆԱՁԵՒԸ

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿՈՊԻՏ ՍԽԱԼ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ՄԱԿ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ ԲԱՆԱՁԵՒԸ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Ստեփանակերտի մէջ յայտարարած է, որ Ղարաբաղի հարցով Ազրպէյճանի ներկայացուցած բանաձեւը ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին կողմէ ընդունուելու պարագային Արցախի եւ Հայաստանի ո՛չ քաղաքական, ո՛չ տնտեսական կեանքին, ո՛չ ալ անվտանգութեան մարզին մէջ էական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ։

Աշխատանքային այցելութեամբ Ստեփանակերտ գտնուող նախագահ Սարգսեան 29 օգոստոսին Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ կարգ մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ այցելած է Ստեփանակերտի թիւ 11 նորակառոյց դպրոցը եւ մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնը։ Թիւ 11 դպրոցին մէջ Հայաստանի նախագահը պատասխանած է դպրոցի ուսուցիչներէն մէկուն հարցումին՝ ՄԱԿ-ի մէջ Ղարաբաղի գծով Ազրպէյճանի ներկայացուցած նոր բանաձեւին վերաբերեալ։

Սերժ Սարգսեան հաստատած է, որ ազրպէյճանցիները ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին քննարկման պիտի ներկայացնեն բանաձեւ մը, որուն, «հաւանաբար թեր քուէարկեն քանի մը տասնեակ երկիրներ»։

Ընդգծելով, որ այդ բանաձեւին ընդունումը որեւէ ազդեցութիւն չի կրնար ունենալ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ, Հայաստանի նախագահը վստահեցուցած է, որ խաղաղ ճամբով Ղարաբաղի տագնապի լուծման աջակցող երկիրները դէմ կամ ձեռնպահ պիտի քուէարկեն բանաձեւին։

Հանրապետութեան նախագահը նաեւ յայտարարած է, որ անոնք շատ լաւ կը գիտակցին, որ այդպիսի բանաձեւերու ընդունումը չի կրնար որեւէ դրական ազդեցութիւն ունենալ բանակցային հոլովոյթին վրայ։ Ան «կոպիտ սխալ» որակած է Ազրպէյճանի կողմէ այսպիսի բանաձեւ ներկայացնելու նախաձեռնութիւնը։

«Այս կոպիտ սխալը մենք պէտք է օգտագործենք մեր նպատակներուն հասնելու համար։ Յստակ է,որ մեր կողմէն եւս քայլեր պիտի առնուին եւ այդ քայլերը մեզի պիտի մօտեցնեն մեր նպատակին», նշած է Հայաստանի նախագահը։ Ան աւելցուցած է. «Մեր գործունէութիւնը միշտ պէտք է ուղղուած ըլլայ անոր, որ ոչ միայն Ազրպէյճանը, այլեւ մնացեալ երկիրները համոզուած ըլլան, որ ետդարձի ճամբայ չկայ, որեւէ ձեւով կը բացառուի Ղարաբաղի վերադարձը Ազրպէյճանի կազմ եւ Արցախը արդէն իսկ կայացած պետութիւն է»։

2008 թուականին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը ընդունեց Ազրպէյճանի նախաձեռնած առաջին բանաձեւը,որով կոչ կ'ուղղուէր «հայկական զօրքերը անյապաղ դուրս բերելու Ազրպէյճանի գրաւեալ տարածքներէն»։

Այդ բանաձեւի օգտին քուէարկած էին ՄԱԿ-ի անդամ 39 երկիրներ,որոնք հիմնականին մէջ կ'անդամակցին Իսլամական խորհրդաժողովի կազմակերպութեան։ Բանաձեւը ընդունուած էր, հակառակ անոր որ շուրջ 150 երկիրներ ձեռնպահ մնացած էին կամ չէին քուէարկած, իսկ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամ համանախագահ երկիրները՝ Միացեալ Նահանգներ,Ռուսիա եւ Ֆրանսա դէմ քուէարկած էին փաստաթուղթին։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker