ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Յունիս 17, 2010 Տպագրում

Շիֆ Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Վաւերացնելու Գործընթացը Կը Վերսկսի

Շիֆ Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Վաւերացնելու Գործընթացը Կը Վերսկսի

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ներկայացուցիչներու տան իր պաշտօնակիցներուն նամակ մը յղելով՝ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի հեղինակ Էտըմ Շիֆ անգամ մը եւս կը շեշտէ, թէ ժամանակը հասած է բանաձեւը վաւերացնելու, կոչ ընելով անոնց, որ բանաձեւը հովանաւորներու շարքին միանան:

Ան նամակին մէջ կը պնդէ, թէ յատկապէս այս օրերուն, երբ Թուրքիոյ իշխանութիւնները որոշած են կռնակ դարձնել Միացեալ Նահանգներուն եւ իրենց յարաբերութիւնները կը սերտացնեն Իրանի նման երկիրներու հետ, պէտք է վաւերացնել Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող թիւ 252 բանաձեւը: Շիֆ, բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու աշխատանքին զուգահեռ, աշխատանք կը տանի Քոնկրեսի արխիւներուն մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ վերապրողներուն մասին տեղեկութիւններու եւ յուշերու արխիւ մը գոյացնելու ուղղութեամբ, եւ արդէն իսկ շարք մը վերապրողներու վկայութիւնները յանձնուած են արխիւներուն: Շիֆ կոչ կ՛ընէ Ցեղասպանութեան վերապրողներուն, անոնց ընտանեկան պարագաներուն եւ ժառանգորդներուն, որ իրենց պատմութիւնները յղեն իր Փասատինայի գրասենեակի պաշտօնեայ Մէրի Յովակիմեանին՝ mary.hovagimian@mail.house.gov համացանցային հասցէով:

«« վերադարձ ««