Share
Սեպտեմբեր 01, 2010 Տպագրում

ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՍՏԱՆՁՆԷ ՄԱԿ-Ի ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՊԱՇՏՕՆԸ

ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՍՏԱՆՁՆԷ ՄԱԿ-Ի ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՊԱՇՏՕՆԸ

Թրքական «Հապերթուրք» լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ այսօրուընէ սկսեալ Թուրքիան մէկ ամիսով պիտի գլխաւորէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը։ Այդպիսով, նախագահի լիազօրութիւնները ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամ Ռուսիայէն կ'անցնին Անգարային։

Թուրքիա 2009-ին ընտրուեցաւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ժամանակաւոր անդամ՝ երկու տարուան ժամկէտով, եւ արդէն իսկ մէկ անգամ նախագահած է Անվտանգութեան խորհուրդին։

Թուրքիոյ նախագահութիւնը կը համընկնի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 65-րդ նիստի գումարման, որ պիտի կայանայ 20-22 սեպտեմբերին՝ Նիւ Եորքի մէջ։ Այդ նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի Ազրպէյճանի առաջարկած «Իրավիճակը Ազրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ» բանաձեւը։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker