Share
Օգոստոս 25, 2010 Տպագրում

Ամերիկա Չէ Յանձնած Ղարաբաղի Խոստացուած 25 Միլիոն Տոլարը

Ամերիկա Չէ Յանձնած Ղարաբաղի Խոստացուած 25 Միլիոն Տոլարը

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ 1998էն ի վեր Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն կողմէ Արցախին տրամադրելի օժանդակութիւններէն 25 միլիոն տոլարը չէ յանձնուած:

Ըստ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տուեալներուն, Լեռնային Ղարաբաղի համար նախատեսուած 61 միլիոն տոլարէն փաստօրէն ծախսուած է միայն 36 միլիոնը: Լեռնային Ղարաբաղին տրուող օգնութեան գրեթէ 12 միլիոն տոլարը չէ ծախսուած նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմի առաջին երկու տարիներուն ընթացքին:

«Ամերիկահայ քաղաքացիները խորապէս շնորհակալ են Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին, անոր առատաձեռնութեան համար՝ Լեռնային Ղարաբաղին ու անոր ժողովրդին տնտեսական միջոցներ տրամադրելու գործին մէջ, որպէսզի ան կարենայ դուրս գալ Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութեան պատճառով յառաջացած ճգնաժամէն ու բաւարարէ իր անհրաժեշտ մարդասիրական պահանջները եւ զարգանայ իբրեւ ազատ հասարակութիւն, սակայն շատ մտահոգ ենք, որ մէկը միւսին փոխարինած ամերիկեան վարչակազմերը յարգանք չցուցաբերեցին Քոնկրեսի յստակ մտադրութեան՝ կենսական կարեւորութիւն ունեցող օգնութեան ծրագիրը համապատասխան ձեւով իրագործելու եւ օժանդակութիւնը ամբուողջական ծաւալով յանձնելու համար», գրած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան:

Այս ուսումնասիրութիւնը կարելի է ամբողջութեամբ կարդալ www.anca.org/assets/pdf/misc/US_assistance_to_NKR.pdf համացանցային կայքէջին վրայ:

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker