Share
Օգոստոս 31, 2010 Տպագրում

ՎԱՆԻ ԱՌԵՒՏՐԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ Ս.ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՍԱՀՄԱՆԸ ԳՈՆԷ ՄԷԿ ՇԱԲԱԹՈՎ ԲԱՆԱԼ

ՎԱՆԻ ԱՌԵՒՏՐԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ Ս.ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՍԱՀՄԱՆԸ ԳՈՆԷ ՄԷԿ ՇԱԲԱԹՈՎ ԲԱՆԱԼ

Վանի նահանգի առեւտրական-արդիւնաբերական պալատի նախագահ Զահիր Քանտաշօղլու պահանջած է Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ պատարագին ժամանակ գոնէ մէկ շաբաթով բանալ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը, որպէսզի Հայաստանի քաղաքացիները կարենան առանց դժուարութեան հասնիլ Վան։

Զահիր Քանտաշօղլու նշած է, որ 19 սեպտեմբերին Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագի մատուցումը բոլորին մօտ ոգեւորութիւն յառաջացուցած է, որովհետեւ անիկա Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններու տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային զարգացման համար դրական խթան պիտի հանդիսանայ։

Քանտաշօղլու յիշեցուցած է, որ Հայաստան-Թուրքիա ստորագրուած արձանագրութիւններէն ետք Վանի առեւտրական-արդիւնաբերական պալատի քառասուն հոգինոց պատուիրակութիւնը առաջինն էր, որ այս տարուան մայիսին Հայաստան այցելեց։

Ըստ անոր, 19 սեպտեմբերին Վան այցելող հայերը զգալի դժուարութիւններ պիտի ունենան, որովհետեւ Վրաստանի ճամբան բաւական երկար է։ «Վանէն Երեւան Իգտիրի մաքսակէտով չորս ժամ է, սակայն մենք Երեւան հասանք 26 ժամէն, որովհետեւ Վրաստանի ճամբան զգալիօրէն կ'երկարէ ուղեւորութիւնը։ Ատոր համար լաւ պիտի ըլլար, որ 19 սեպտեմբերէն առաջ հայ-թրքական սահմանը մէկ շաբաթով ժամանակաւորապէս բացուէր եւ հայաստանցիները դիւրաւ հասնէին Վան։ Վանի առեւտրական-արդիւնաբերական պալատը կոչ կ'ուղղէ կեանքի կոչելու այս պահանջը եւ կ'ակնկալէ, որ անիկա դրական արձագանգի արժանանայ», նշած է Զահիր Քանտաշօղլու՝ աւելցնելով, որ Թուրքիա նախապէս կիրարկած է տարբեր երկիրներու հետ սահմանի ժամանակաւոր բացումը։

Վանի առեւտրական-արդիւնաբերական պալատի քառասուն անդամներ մայիսին այցելած էին Երեւան եւ մասնակցած Երեւանի մէջ կազմակերպուած միջազգային զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսի մը։ Անոնք այդ առիթով Երեւանի առեւտրական-արդիւնաբերական պալատին հետ կնքած էին համագործակցութեան յուշագիր։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker