ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Յունիս 24, 2010 Տպագրում

«Մենք Յաղթողի Տարամաբանութեամբ Չենք Շարժիր». Կ՛ԸՍԷ ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

«Մենք Յաղթողի Տարամաբանութեամբ Չենք Շարժիր». Կ՛ԸՍԷ ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Անդրադառնալով Ղարաբաղի շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն՝ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան երէկ «Փաստարկ» ակումբին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ Ազրպէյճան, ինչպէս կ'երեւի, անհանգստութիւն ունի բանակցային հոլովոյթին հետ կապուած։

«Յստակ չէ, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է Փեթերսպուրկեան բանակցութիւններուն ընթացքին բայց յստակ է, որ այդ մէկը Ազրպէյճանին չէ գոհացուցած», նշեց Մանոյեան եւ տեսակէտ յայտնեց, որ Ազրպէյճանի այդ քայլը պէտք չէ դիտել իբրեւ զինուորական գործողութիւններու սկիզբ, այլ՝ իբրեւ ճնշում յատկապէս Հայաստանի վրայ՝ բանակցութիւններուն մէջ կեցուածքը որոշ չափով փոխելու համար։

Մանոյեան կապ մը կը գտնէ այդ գործողութեան եւ բանակցութիւններէն ետք անմիջապէս Ալիեւի Ս. Փեթերսպուրկէն հեռանալու մէջ։ Ան աւելցուց, որ այդ քայլը ցոյց կու տայ, որ Ալիեւ դժգոհ է բանակցութիւններէն եւ ուզեց ցոյց տալ, որ եթէ այդ բանակցութիւնները իրենց յարմար ձեւով չընթանան, իրենք կրնան զինուորական գործողութիւններու դիմել։

Ըստ Կիրօ Մանոյեանի, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն գնահատականը՝ Ազրպէյճանի գործողութիւններուն գծով քաջալերանք էր Ալիեւին, որպէսզի իր այս վարքագիծը շարունակէ։ Կ. Մանոյեան հաստատեց, որ կարելի չէ, ուրիշ ձեւով մեկնաբանել այս յայտարարութիւնը։

«Եթէ միջազգային համայնքն ու Արեւմուտքը շարունակեն մեղմ վերաբերում ցուցաբերել, այդ կը նշանակէ թոյլ տալ, որ Ազրպէյճան շարունակէ իր նոյն գործելաձեւը», յայտնեց Կիրօ Մանոյեան։

Ան իր համոզումը յայտնեց, որ Հայաստան նոյնպէս սխալ գործած է քաղաքական-դիւանագիտական մակարդակի վրայ։

«Մենք յաղթողի տրամաբանութեամբ քայլեր չենք առած։ Ազրպէյճան զուգահեռաբար թէ՛ քաղաքական, թէ՛ զինուորական քայլերու կը դիմէ։ Մենք զուգահեռաբար քաղաքական-քարոզչական աշխատանք չենք տանիր՝ հաւատարիմ մնալով բանակցային հոլովոյթին, ընդգծեց Կիրօ Մանոյեան։ Ան աւելցուց, որ Ազրպէյճան արդէն կը ներխուժէ մեր տարածքը, ուրեմն մենք պէտք է համարժէք պատասխան տանք, աւելի զօրաւոր, քան իրենք կը սպասեն։

Կ. Մանոյեան ստեղծուած իրավիճակին լաւագոյն լուծումը նկատեց բանակցութիւններուն Ղարաբաղի ուղղակի մասնակցութիւնը։ Ըստ անոր, Լեռնային Ղարաբաղը ստորագրած է զինադադարը, ուրեմն պէտք է նաեւ մասնակցի խաղաղ բանակցութիւններուն։

«« վերադարձ ««