ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Յունիս 19, 2010 Տպագրում

Համաշխարհային Դրամատունը Հայաստանին Պիտի Տրամադրէ 424 Միլիոն Տոլար

Համաշխարհային Դրամատունը Հայաստանին Պիտի Տրամադրէ 424 Միլիոն Տոլար

Համաշխարհային դրամատան Երեւանի գրասենեակի ղեկավար Արիսթոմենէ Վարուտաքիս երէկ լրագրողներուն յայտնեց, որ մինչեւ 2011 թուականի առաջին կիսամեակի վերջը Համաշխարհային դրամատունը Հայաստանին 424 միլիոն տոլար պիտի տրամադրէ։ Իսկ Համաշխարհային դրամատան հետ 2009-2012 թուականներու համագործակցութեան ծրագիրով Հայաստանին ընդհանուր առմամբ պիտի տրամադրուի 550 միլիոն տոլար։ Ներկայիս այդ գումարէն յատկացուած է 270 միլիոնը։

Ըստ Վարուտաքիսի, մշակման հանգրուանի մէջ կը գտնուին նաեւ 6 լրացուցիչ ծրագիրներ 154 միլիոն տոլար ընդհանուր արժողութեամբ։ Անոնք պիտի ներկայացուին Համաշխարհային դրամատան տնօրէններու խորհուրդին՝ առ ի վաւերացում, այս տարուան կամ յաջորդ տարուան առաջին եռամսեակի ընթացքին։

Այս ծրագիրներով կը նախատեսուի գիւղական ճամբաները վերանորոգել, մարզային հիւանդանոցներու համար բժշկական սարքաւորումներ ձեռք բերել, ելեկտրականութեան գիծերը արդիականացնել, ինչպէս նաեւ երկրին պիւտճէն վարկաւորել։

«« վերադարձ ««