Հայաստանի Մասին Զեկոյց՝ ԵԽԽՎի Մէջ

Սթրազպուրկի մէջ սկսած Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի ամառնային նստաշրջանին, երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մասին պատրաստուած զեկոյցը, դիտարկում կատարած յանձնախումբին կողմէ:
Ըստ փոխանցուած տեղեկութիւններուն, Հայաստանի պատուիրակութիւնը կը նախապատրաստէ յայտարարութիւն մը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցերով ԵԽԽՎ յանձնաժողովի հնարաւոր վերըստեղծման կապակցութեամբ:
«Մենք կտրականապէս դէմ ենք այդ որոշմանը, քանի որ այդ խնդրում Եւրոպայի Խորհուրդն անելիք չունի, եւ չպէտք է ստեղծել ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին զուգահեռ կառոյց»,- «Մետիամաքս» գործակալութեան յատուկ թղթակիցին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է ԵԽԽՎ-ի մօտ հայաստանեան պատուիրակութեան անդամ Արմէն Ռուստամեանը:
Ան նշած է նաեւ, որ հայաստանեան պատուիրակութեան անդամները արդէն արձանագրուած են ԵԽԽՎ նիստէն ներս ելոյթ ունենալու համար, ուր պիտի քննարկեն Ատրպէյճանի կողմէ պարտաւորութիւններու կատարման հարցը:
«Ես մտադիր եմ նիստում բարձրացնել Ատրպէյճանի կողմից ԼՂՀ սահմանում կազմակերպուած դիվերսիայի հարցը» ըսած է Ա. Ռուստամեանը:


