Share
Օգոստոս 30, 2010 Տպագրում

Իրանի Փոխ Նախագահը Կը Խօսի Հայկական Ցեղասպանութեան Մասին

Իրանի Փոխ Նախագահը Կը Խօսի Հայկական Ցեղասպանութեան Մասին

ԹԵՀՐԱՆ.- Պարսկական «Իրնա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի փոխ նախագահ եւ Իրանի մշակոյթի ժառանգութեան, ձեռարուեստի եւ զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան նախագահ Համիտ Պաղայի, «Իրան. Յաղթանակի կամուրջ» համաժողովի ընթացքին յայտարարած է, որ Օսմանեան կայսրութեան կառավարութիւնը, շուրջ հարիւր տարի առաջ՝ 1915ին, որոշ թիւով հայերու դէմ ցեղասպանութիւն իրագործած է: Ան աւելցուցած է, որ թէեւ ներկայիս Օսմանեան կայսրութիւնը գոյութիւն չունի, Հայաստանն ու հայութիւնը տակաւին Թուրքիայէն կ՛ուզեն, որ ան այդ խնդիրին համար պաշտօնապէս ներում հայցէ եւ փոխ հատուցում վճարէ։

Համաժողովը կայացած է համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ընթացքին դաշնակիցներու կողմէ Իրանի գրաւման 70 ամեակին առթիւ։

Իրանի փոխ նախագահը նաեւ նշած է, որ համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ընթացքին Իրանի կրած վնասներու դէմ կրնայ հատուցում պահանջել:

Հայաստանի Ազգային Ժողովի Հ.Յ.Դ. պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան, Իրանի պետական պաշտօնատարի ելոյթին անդրադառնալով, «Նիւոզ էյ.Էմ» լրատու գործակալութեան թղթակիցին յայտնած է, որ Իրանի փոխ նախագահի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը ընդունող յայտարարութիւնը քաղաքակիրթ վերաբերմունքի արտայայտութիւն է պատմութեան ու ապագային հանդէպ:

Դաշնակցական պատգամաւորի խօսքով, Իրանի փոխ նախագահը պատահական մարդ չէ եւ անոր յայտնած այս միտքը Իրանի տրամադրութիւններու որոշակի փոփոխութեան մասին նշան մըն է: «Համիդ Բաղայիի այսօրինակ յայտարարութիւնը Իրանի արտաքին քաղաքականութեան արտայայտութիւն է: Սա կշիռ ունեցող քաղաքական յայտարարութիւն է, որը վկայում է այն մասին, որ ինչ-որ մի բան փոխուել է: Ի վերջոյ, սա խիստ ողջունելի յայտարարութիւն է», նշած է Գալստեան՝ աւելցնելով, որ Իրանի փոխ նախագահի այս յայտարարութիւնը կրնայ սթափեցնող ազդեցութիւն ունենալ եւ քաղաքական բարոյականութեան օրի-նակ ծառայել ժամանակակից աշխարհի շարք մը երկիրներու համար:

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker