ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Յունիս 25, 2010 Տպագրում

Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Որեւէ Կառոյց Չի Կրնար Փոխարինել Մինսքի

Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Որեւէ Կառոյց Չի Կրնար Փոխարինել Մինսքի

22 Յունիսին Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահին մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ վեհաժողովին մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի պատուիրակութեանց հանդիպումը։

Նախորդ հանդիպման ընթացքին հայկական կողմը առաջարկած էր հերթական խորհրդակցութիւն կատարել ընդլայնուած կազմով։
Երկու կողմերէն ալ ընդդիմութեան մէկական ներկայացուցիչ մասնակցեցաւ։ Հայկական պատուիրակութիւնը ներկայացուցին Արմէն Ռուստամեան եւ Դաւիթ Յարութիւնեան, իսկ ազրպէյճանականը՝ Սապիր Հաճիեւ եւ Սամատ Սէյիտով։

Հայաստանի պատուիրակները նշեցին, որ կարելի է յառաջընթաց նկատել այն փաստը, որ այս անգամ ազրպէյճանական կողմը ընդունած է, որ քանի տակաւին երկու կողմերը համագործակցութեան դաշտը չեն ճշդած, անիմաստ է առաջ երթալ եւ վեհաժողովի որեւէ կառոյց չի կրնար փոխարինել Մինսքի խմբակի համանախագահութեան բանակցային ձեւաչափը։

«Մեր հիմնական պնդումը եղած է եւ կը մնայ նոյնը՝ կողմերուն միջեւ խորհրդակցութիւնները պէտք էր շարունակուին այնքան ատեն որ տակաւին պատասխան չէ տրուած հիմնական հարցերուն, մասնաւորապէս, թէ ընթացող բանակցութիւններուն վերաբերեալ տեղեկութեան, ինչպէս նաեւ համապատասխան փորձ եւ հաստատութենական կարողութիւն չունենալով, ի՛նչ առանձնայատուկ դերակատարութիւն կրնայ ունենալ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի որեւէ ձեւաչափ տագնապի լուծման գործին մէջ։

«Շտապողականութիւնը այս հարցին մէջ անընդունելի է եւ կը վտանգէ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի վարկը։ Մենք դէմ ենք, որ ստեղծուի հարթակ մը, որ կրնայ վերածուիլ քարոզչական նոր թատերաբեմի, ինչ որ աւելի կը բարդացնէ առանց ատոր ալ լարուած յարաբերութիւնները։ Այս բոլորին լոյսին տակ ընդունուեցաւ մեր առաջարկը կողմերուն միջեւ խորհրդակցութիւնը շարունակելու վերաբերեալ։

«Մենք առաջարկեցինք նաեւ, ըստ անհրաժեշտութեան, խորհրդակցութիւններուն մէջ ներգրաւել պատուիրակութիւններու այլ անդամներ։ Այս հանդիպումին բացայայտումը այն էր, որ ազրպէյճանական կողմը համագործակցելու պատրաստակամութիւն կը յայտնէր, քանի որ մինչ այդ Ազրպէյճան միշտ բացառած է որեւէ ձեւաչափով որեւէ համագործակցութիւն։

Կ'ակնկալենք, որ Պաքու պաշտօնապէս կը հաստատէ երկու պատգամաւորներու արտայայտած այդ դիրքորոշումը։

«Կը ցանկանք վերահաստատել, որ մենք կը մասնակցինք այս խորհրդակցութիւններուն այն գիտակցութեամբ, որ մեր ժողովուրդներուն եւ հասարակութիւններուն միջեւ վստահութեան մթնոլորտի յառաջացումը անհրաժեշտ միջավայր կը ստեղծէ արդիւնաւէտ բանակցային հոլովոյթի համար», յայտարարեցին Հայաստանի պատուիրակութեան անդամները։

«« վերադարձ ««