ՄԱԿ-ին Մէջ Ատրպէյճանական Բանաձեւին Ընդունումը Նոր Պատերազմի Պիտի Յանգեցնէ Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան news.am կայքէջին տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին մեկնաբանելով 9 սեպտեմբերին քուէարկուելիք ատրպէյճանական բանաձեւը յայտնած է, որ Ատրպէյճանի նախաձեռնութիւնը՝ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի օրակարգին մէջ ընդգրկելու «իրավիճակը Ատրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ» բանաձեւին նախագիծը, կը վկայէ ղարաբաղեան տագնապը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի շրջանակներէն հանելու այդ երկրի մտադրութեան մասին:
Ըստ Մանոյեանի, Ատրպէյճան հրաշալիօրէն կը գիտակցի, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը իր առաջարկներուն մէջ կը հիմնուի այն փաստին վրայ, որ Լեռնային Ղարաբաղը չի կրնար գտնուիլ Ատրպէյճանի կազմին մէջ: Այդ պատճառով ալ Պաքու կը փորձէ գործընթացը դուրս բերել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջանակներէն:
Մանոյեան ընդգծած է, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին տուեալ բանաձեւին ընդունումը կրնայ զինուորական գործողութիւններու վերսկսում հրահրել, որովհետեւ Ատրպէյճան կրնայ ատիկա գնահատել իբրեւ իր գործողութիւններու խրախուսում: Մանոյեան նշած է, որ բանաձեւը ընդունելու ընթացքին ամէն երկիր իր շահերով պիտի առաջնորդուի:
Նշենք, որ «իրավիճակը Ատրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ» բանաձեւի նախագիծին մէջ, որ պիտի ներկայացուի 9 Սեպտեմբերին, մասնաւորաբար կը խօսուի «ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութեան անթոյլատրելիութեան, գաղթականներու վերադարձի անհրաժեշտութեան եւ անոր համար համապատասխան պայմաններու ստեղծման» մասին:




