ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Յունիս 23, 2010 Տպագրում

22 Յունիս 1838 Թուին Բացուեցաւ Շուշիի Թեմական Վարժարանին Հայակերտ Հնոցը

22 Յունիս 1838 Թուին Բացուեցաւ Շուշիի Թեմական Վարժարանին Հայակերտ Հնոցը

Յունիսի այս օրը, 172 տարի առաջ, օրհնաբեր նշանակութիւն ունեցաւ հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան համար։

22 Յունիս 1838ին բացուեցաւ Շուշիի թեմական հոգեւոր դպրոցը։

Անիկա հիմնուեցաւ Ներսէս Աշտարակեցի կաթողիկոսին կողմէ, Իբրեւ հոգեմտաւոր ուսուցման կեդրոն։

Արեւելահայաստանի վրայ ռուսական տիրապետութեան հաստատման առաջին տարիներն էին։ Պարսիկ, բայց մանաւանդ թրքացեղ Խաներու խաւարամիտ լուծէն ազատագրուելու մեծ յոյսերով տոգորուած հայութիւնը կարիքը ունէր, ամէնօրեայ հացի եւ ջուրի չափ, հոգեմտաւոր լոյսի ջամբումին։

Իսկ Աշտարակեցին ջերմեռանդ հաւատացողն էր կրթական գործին նախախնամական ներգործութեան։ Նախքան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս իր ընտրութիւնը արդէն, իբրեւ Թիֆլիսի հայոց թեմակալ առաջնորդ, 1824ին, նախաձեռնած էր Անդրկովկասի մայրաքաղաքին մէջ հայ թեմական դպրոցի մը հիմնադրութեան, որ իր անունով ալ կնքուեցաւ Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարան։

Կաթողիկոսական գահին բարձրանալէ ետք, Աշտարակեցին առաջնահերթ նշանակութիւն տուաւ իր հօտը թեմական դպրոցներու ցանցով օժտելու աշխատանքին։ Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանին նորովի թափ տալու իր քայլերուն զուգահեռ՝ Կաթողիկոսը նախաձեռնեց նաեւ Երեւանի ու Շուշիի մէջ, յաջորդաբար 1837ին եւ 1838ին, թեմական հոգեւոր վարժարաններու հիմնադրութեան։

Պատահական ընտրութիւն մը չէր Շուշին, որովհետեւ այդ ժամանակաշրջանի արեւելահայ իրականութեան մէջ Արցախեան բերդաքաղաքը կը հանդիսանար հայաշատ գլխաւոր կեդրոններէն մէկը։

Ինչպէս որ Շուշիի թեմական դպրոցի հետագայ սաներէն Լէօ պիտի մատնանշէր 1900ականներուն, «դա աղքատութեան մէջ ծնուած մի փոքրիկ հիմնարկութիւն էր»։ Սկզբնական շրջանին հազիւ քսան աշակերտ ունեցաւ։ Գործեց տնտեսապէս ծայր աստիճան անձուկ պայմաններու մէջ։ Առաջին ուսուցիչները յանձն առին ծառայել առանց դրամական վարձատրութեան։ Բայց գործեցին եւ սերունդ հասցուցին հայ ուսուցիչի անսակարկ կոչումով ու անսահման նուիրումով։

Շուշիի թեմական վարժարանի կրթական ծրագիրը, սկզբնական այդ շրջանին, կեդրոնացաւ հայոց լեզուի, ռուսաց լեզուի, պարսկերէնի, թուաբանութեուն, «օրէնք աստուածային»ի, «սրբազան պատմութեուն» եւ երգեցողութեան ուսուցման վրայ։ Բայց ժամանակին հետ, յատկապէս տեսչական եւ ուսուցչական անձնակազմի որակի բարձրացման բերումով, վարժարանը քայլ առ քայլ վերածուեցաւ գրական եւ գիտական պատրաստութեան ճառագայթող կեդրոնի մը։ Մանաւանդ որ մեր ժողովուրդը, նորահաս սերունդի ուսման մէջ տեսնելով ապագայ իր զարգացման մեծագոյն եւ անփոխարինելի գրաւականը, անվարան փութաց նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնելու թեմական նորաստեղծ վարժարանին։

Վարժարանի աւելի քան ութսունամեայ պատմութեան մէջ բախտորոշ շրջադարձի տարիներ եղան 1860ականները, երբ 1860ին դպրոցը յանձնուեցաւ Շուշիի հասարակութեան կողմէ ընտրուած հոգաբարձութեան մը խնամատարութեան։ Հոգաբարձութիւնը յաջողեցաւ զգալի չափով բարելաւել վարժարանի նիւթական կացութիւնը։ Աւելի՛ն. դպրոցը մեծ բարեփոխութիւններու արժանացաւ 1863ին, երբ Աշտարակեցիի յաջորդը՝ Մատթէոս Կաթողիկոսը, ընդառաջելով շուշեցիներու խնդրանքին, դպրոցի տեսուչ նշանակեց Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանը հիմնովին բարեկարգած կրթական հռչակաւոր մշակ Պետրոս Շանշեանին։ Իսկ տեսուչի օգնական նշանակուեցաւ մեծարժէք գրող ու մանկավարժ Պերճ Պռօշեանը, որ ստանձնեց հայոց լեզուի, հայ գրականութեան եւ հայոց ազգային պատմութեան դասաւանդութիւնը։ Շուտով, Շանշեանի եւ Պռօշեանի միացեալ ջանքերով, Շուշիի թեմական դպրոցը մեծ ծաղկում ապրեցաւ։ Դարձաւ եռդասեան՝ իր երկու ծխական դպրոցներով։ Փոխուեցաւ նաեւ դպրոցին անունը։ Կոչուեցաւ «Եղիշէեան Ազգային Հոգեւոր Դպրոց»՝ Ե. դարու մեծ պատմիչ եւ մատենագիր Եղիշէի անունով։

Մեծ դժուարութիւնները յաղթահարելու գնով՝ Շուշիի թեմականը իր ուղին հարթեց եւ դարձաւ 19րդ դարավերջի հայակերտման կարեւորագոյն հնոցներէն մէկը արեւելահայ իրականութեան մէջ։ Պահպանողական ¬ յետադիմական եւ յեղափոխական ¬ ազատախոհական բեւեռացումը սկսած էր շեշտուիլ ինչպէս ամբողջ Ցարական Կայսրութեան, նոյնպէս եւ մանաւանդ հայ իրականութեան մէջ։ Բուռն հակադրութիւններ եւ բախումներ կրնկակոխ հետեւեցան Շուշիի թեմական վարժարանի առաքելութեան։ Մինչ ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան մօտ ազգային¬ազատագրական պայքարի եւ ընկերային արդարութեան գաղափարները ջերմ ընդունելութիւն գտան, անդին՝ խստագոյն մերժումի եւ հալածանքի ենթարկուեցան դպրոցի հոգաբարձութեան ու ընդհանրապէս Էջմիածնի հոգեւոր իշխանութեանց կողմէ։

Պատմութեան ծանօթ էջեր են այն ընդհարումները, որ բեւեռացուած այս մտայնութեանց հետեւանքով արձանագրուեցան Շուշիի թեմական վարժարանի պատմութեան մէջ։ Ի վերջոյ ատենի հայ մտաւորականութեան ամէնէն լուսամիտ դէմքերը մանկավարժական իրենց անփոխարինելի ներդրումը ունեցան Շուշիի վարժարանին մէջ։

Թեմականէն դուրս եկան Նիկոլ Դումանի, Վանայ Իշխանի եւ Արամ Մանուկեանի տարողութեամբ Հսկաներ։ Փաստօրէն, Շուշիի թեմական վարժարանէն վտարուեցաւ Հայաստանի անկախութեան հիմնադիր Արամը, որ աշակերտ եղած ժամանակ մղիչ ուժը դարձած էր ուսանողական ըմբոստացումներու...

Շուշիի թեմական վարժարանը, իր ուսուցիչներով եւ աշակերտութեամբ, վճռորոշ դերակատարութիւն ունեցաւ հայոց եկեղեցապատկան կալուածները բռնագրաւելու 1903ի ցարական հրամանագրին դէմ ժողովրդային բուռն ըմբոստացման ծաւալումին եւ արձանագրած յաղթանակին մէջ։ Նոյնպէս եւ անոր յաջորդած (ցարական իշխանութեանց հրահրած) հայ¬թաթարական ընդհարումներու ժամանակ, մեծ եղաւ Շուշիի թեմական վարժարանի յեղափոխական ուսուցիչներուն եւ աշակերտութեան դերը հայկական ինքնապաշտպանութեան կազմակերպումին մէջ։ Յատկապէս այդ դիտանկիւնէն հայ պատմագրութիւնը տակաւին շատ բան լուսաբանելու բարոյական մեծ պարտքը ունի Շուշիի թեմական դպրոցին նկատմամբ։

Հայ Դպրոցի աւանդը կերտելու եւ անոր հայակարտման յեղափոխաշունչ հնոցի արժէքը հարստացնելու առումներով՝ իսկապէս մեծ է Շուշիի թեմական վարժարանին ներդրումը, որ շարունակուեցաւ մինչեւ խորհրդային կարգերու պարտադրումը հայ ժողովուրդին, 1920ականներու սկզբնաւորութեան։

«« վերադարձ ««