«Այսպիսի Վերաբերմունք Աւելի Կը Բարձրացնէ Մեր Բանակին Մարտունակութիւնը» Կ՛ըսէ Բակօ Սահակեան

«Պատերազմի վերսկսման պարագային մեզի կը մնայ զինուորական գործողութիւններ իրականացնել Ատրպէյճանի տարածքին մէջ» կ'ըսէ ԼՂՀ նախագահը
Ըստ «Արմինիա Թուտէյ»ի Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան ռուս լրագրողներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնած է, որ ճիշդ որոշում պիտի չըլլայ, եթէ Հայաստան ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը եւ այդ մէկը յանգեցնէ լարուածութեան եւ վատ հետեւանքներու։
Ըստ անոր, Ատրպէյճանի մէջ կը տիրէ հակահայկական եւ հակաղարաբաղեան մթնոլորտ։ Ան ընդգծած է, որ այդ մէկը ատրպէյճանական պետական քարոզչական մեքենայի գործունէութեան արդիւնքն է, որուն վկայութիւնը սահմանին վրայ վերջին սադրիչ գործողութիւններն էին, որոնք հայ զինուորներու մահուան պատճառ դարձան։ «Այսպիսի վերաբերմունք աւելի կը բարձրացնէ մեր բանակին մարտունակութիւնը, եւ պատերազմի վերսկսման պարագային, մեզի այլ բան չի մնար, քան զինուորական գործողութիւններ իրականացնել Ատրպէյճանի տարածքին մէջ», նշած է ան։ Ըստ Բ. Սահակեանի, ղարաբաղեան տագնապի լուծումը պէտք է հիմնուած ըլլայ փոխ զիջումներու վրայ։
«Դժբախտաբար, մեր առաջարկները որքան ալ կառուցողական ըլլան, Պաքուի կողմէ կը մերժուին։ Աւելի՛ն. մենք լուրջ հիմքեր չունինք տագնապի լուծման համար, քանի որ մենք բանակցային հոլովոյթին չենք մասնակցիր։ Այսօրուան դրութեամբ հիմնական միջնորդը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբն է։ Մինչեւ այսօր զգալի յաջողութիւններու չէ հասած, սակայն ես չեմ կարծեր, որ սպառած է իր բոլոր կարելիութիւնները», յայտնած է Բ. Սահակեան։


