ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՛ՈՂՋՈՒՆԷ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՔՈՆԿՐԵՍԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ` ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻՆ ԳԾՈՎ

Երէկ, Հայաստանի «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոս ողջունեց Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի որոշումը` Արեւմտեան Հայաստանի հայկական եկեղեցիներու վերադարձին գծով:
Վեհափառը յայտնեց, որ քոնկրեսի այս որոշումը դրական ու գնահատելի քայլ մըն է, զոր պէտք է օգտագործել ճիշդ կերպով: Խօսելով քոնկրեսի թիւ 306 որոշման մասին` վեհափառը ըսաւ, թէ ճիշդ է, որ հոն ցեղասպանութիւն բառը չէ յիշուած, դարձեալ ճիշդ է, որ յիշեալ բանաձեւին մէջ կը խօսուի բոլոր փոքրամասնութիւններուն մասին, սակայն երկու կարեւոր կէտերու հարկ է յատուկ ուշադրութիւն ընծայել` առաջին` հոն կը խօսուի թէ՛ շարժուն եւ թէ՛ անշարժ ինչքերու մասին, ինչպէս նաեւ ձեռագիրներուն եւ ծիսական սպասներուն մասին, եւ երկրորդ` վերոյիշեալ կալուածները կամ ինչքերը անհրաժեշտ է վերադարձնել անոնց իրաւատիրոջ:
«Երկիր Մետիա»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, վեհափառը անգամ մը եւս յիշեցուց, թէ Հայ դատի աշխատանքներուն ծիրին մէջ յատուկ շեշտ պէտք է դրուի հատուցման վրայ: Այս ծիրին մէջ ան յայտնեց, որ հատուցման գաղափարը զանազան բառերով կամ բացատրութիւններով յաճախ կ՛արտայայտուի, օրինակ` հատուցում, իրաւունքներու վերատիրացում, իրաւունքներու վերահաստատում կամ ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացում: Յիշեալ բառերը կամ արտայայտութիւնները օտար լեզուներով միջազգային օրէնքի սահմաններուն մէջ տարբեր սահմանում ու իմաստ ունին: Հետեւաբար, հարկ է զգուշ ըլլալ այս ուղղութեամբ, եւ հետեւաբար անհրաժեշտ է, որ մեր բոլորին կողմէ նոյն մօտեցումը որդեգրուի, նոյնիսկ նո՛յն բառին գործածութեամբ, յատկապէս օտար լեզուներով: Վեհափառը յայտնեց, որ փետրուարի վերջաւորութեան միջազգային համագումար մը տեղի պիտի ունենայ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, հատուցման հարցը քննելու միջազգային օրէնքի եւ ուխտերու ծիրին մէջ:
Այս առիթով, վեհափառը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբին, որ անցնող տասնամեակներուն ընթացքին, իր հետեւողական ու տքնաջան աշխատանքով կրցած էր Հայ դատին գծով մեծ զօրակցութիւն ապահովել ամերիկեան քաղաքական շրջանակներուն մէջ եւ թիւ 306 բանաձեւի յաջողութիւնը ապահովել:


