ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Դեկտեմբեր 07, 2011 Տպագրում

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Քննադատէ Ալան Ժիւփէի Կեցուածքը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Քննադատէ Ալան Ժիւփէի Կեցուածքը

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 5ին, աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Ֆրանսայի վարչապետի ներկայացուցիչ Ատրիէն Կութէյրոնի միջեւ: Վարչապետին ներկայացուցիչը Եգիպտոսէն ետք այցելած էր Լիբանան, աւելի մօտէն ծանօթանալու համար շրջանէն ներս տեղի ունեցող անցուդարձերուն եւ այդ ծիրէն ներս՝ քրիստոնեայ համայնքներու տեսակէտներուն:
Արամ Ա. կաթողիկոս լայնօրէն բացատրեց իր տեսակէտը Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող շարժումներուն ու փոփոխութիւններուն նկատմամբ՝ յատկապէս ծանրանալով քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Վեհափառը ըսաւ. «Վարչակազմի փոփոխութիւնը պէտք չէ նկատել որպէս վախճանական նպատակ, այլ շօշափելի քայլ մը՝ դէպի ժողովրդավարութիւն առաջնորդող: Սակայն երբ ժողովրդավարութիւնը պիտի հիմնուի իսլամական բացարձակ սկզբունքներու վրայ, անիկա կրնայ լուրջ դժուարութիւններու դիմաց դնել քրիստոնեայ համայնքները»:
Յարգելով հանդերձ իսլամ մեծամասնութեան կրօնական սկզբունքները՝ վեհափառը յայտնեց, թէ անոնք պէտք չէ ըլլան ի հեճուկս քրիստոնեայ համայնքներու քաղաքական կեանքի ամբողջական մասնակցութեան: Այլ խօսքով, «ժողովրդավարական սկզբունքները ու անոնց վրայ հիմնուած քաղաքական համակարգը պէտք է համահաւասար մօտեցում որդեգրէ բոլոր քաղաքացիներու պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն նկատմամբ», շեշտեց վեհափառը:

Ապա ան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին՝ Ալան Ժիւփէի վերջերս Թուրքիոյ մէջ կատարած յայտարարութեան, ուր ան կ՛ըսէր, թէ Ֆրանսա պատրաստ է հայերէ ու թուրքերէ բաղկացած յանձնախումբ մը հիւրընկալելու, քննելու համար «1915ին պատահած ցաւալի դէպքերը»: Վեհափառը վարչապետի ներկայացուցչին յստակօրէն յայտնեց, թէ նախարարին սոյն յայտարարութիւնը մեծ վրդովում մը յառաջացուցած է մեր ժողովուրդին մօտ: «Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ երբ Ֆրանսայի խորհրդարանը եւ վերջին երեք նախագահները պաշտօնապէս ճանչցած են Հայկական Ցեղասպանութիւնը, եւ երբ Ֆրանսայի նախագահը վերջերս Հայաստանի մէջ իր զօրակցութիւնը յայտնած է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով, նոյն երկրին նախարարը բոլորովին հակառակ յայտարարութիւն մը կը կատարէ Թուրքիոյ մէջ», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս:
Վարչապետին ներկայացուցիչը, պատասխանելով վեհափառի հարցումին՝ յիշեցուց, թէ ինք կը սպասէր այս հարցին արծարծումը վեհափառին կողմէ, եւ իր ամբողջական համակրանքը արտայայտելով հայ ժողովուրդին նկատմամբ՝ աւելցուց, թէ ճիշդ է որ Ֆրանսան Ցեղասպանութիւը ընդունած է, սակայն միւս կողմէ չի կրնար անտեսել Թուրքիոյ դերը շրջանէն ներս եւ անոր յարաբերութիւնը Եւրոպայի հետ: Այս նիւթին գծով վեհափառին եւ վարչապետի ներկայացուցիչին խօսակցութիւնը շարունակուեցաւ. վեհափառը դարձեալ շեշտեց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումէն ետք, Կութէյոն այցելեց Նահատակաց յուշարձանը եւ իր յարգանքը մատուցեց Հայկական Ցեղասպանութեան զոհ մէկուկէս միլիոն մեր նահատակներուն:

«« վերադարձ ««