ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Դեկտեմբեր 09, 2011 Տպագրում

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ ՄԷՋ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԱՊՆԴՈՒՄԸ ՄԵՐԺՈՒԵՑԱՒ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ ՄԷՋ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԱՊՆԴՈՒՄԸ ՄԵՐԺՈՒԵՑԱՒ

Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ կառավարութիւնը հարցապնդելու ՀՅ Դաշնակցութեան առաջարկին դէմ քուէարկեցին 48 պատգամաւորներ, ձեռնպահ մնացին 4-ը, իսկ թեր` 13-ը:
Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան քուէարկութենէն ետք լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ խորհրդարանի քուէարկութեամբ հարցը չի փակուիր:
ՀՅԴ-ի համոզումով, կառավարութիւնը տակաւին չէ գործադրած յուլիս 2008-ին իր իսկ կողմէ հաստատուած «Հայաստանի կառավարութեան 2008-2012 թուականներու գործունէութեան նախաձեռնութիւններու ծրագիր»ը եւ հետեւաբար գերազանցած է սահմանադրութեամբ իրեն վերապահուած լիազօրութիւնները, որովհետեւ ծրագիրը կա՛մ պէտք է գործադրուէր, կա՛մ զայն պէտք էր փոխեր Ազգային ժողովը: Սակայն ո՛չ մէկը, ո՛չ միւսը տեղի ունեցած է: Ուստի, ՀՅԴ պիտի ձգտի հաւաքել Ազգային ժողովի առնուազն 27 պատգամաւորներու ստորագրութիւն, որպէսզի հարցը քննէ Սահմանադրական դատարանը:
Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմութեան կուսակցութիւնները` ՀՅԴ-ն եւ Ժառանգութիւնը, համապատասխանաբար ունին 16 եւ 7 պատգամաւորներ:
Անհրաժեշտ է եւս 4 պատգամաւորներու ստորագրութիւնը: Ռուստամեան նշեց, որ իրենք պիտի դիմեն իշխող քաղաքական համաձայնական կառավարութեան մաս կազմող կուսակցութիւններուն, որպէսզի անոնց պատգամաւորներէն միանան Սահմանադրական դատարան ուղղուած Դաշնակցութեան դիմումին: Յայտնենք, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի անցնող քառօրեայ նիստին ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահի եւ փոխնախագահի ընտրութիւն:
Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուեցաւ Սամուէլ Նիկոյեան, իսկ փոխնախագահ` Էդուարդ Շարմազանով:

«« վերադարձ ««