ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Դեկտեմբեր 22, 2011 Տպագրում

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ - ՀՄԸՄ

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ - ՀՄԸՄ

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան` հայապահպանութեան ծիրին մէջ կազմակերպած «Լաւագոյն երիտասարդական կազմակերպութիւնը» մրցումին առաջին երեք դիրքերը ապահոված են ՀՄԸՄ-ի զանազան մասնաճիւղերը:
Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած այս մրցանքին մասնակցած են սփիւռքահայ աւելի քան 25 միութիւններ ու կազմակերպութիւններ: Հրապարակուած արդիւնքներուն հիման վրայ ՀՄԸՄ Լիբանան արժանացած է առաջին դիրքին` ստանալով յատուկ վկայագիր եւ նիւթական պարգեւ մը: Երկրորդ դիրքին տիրացած են ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու, Հարաւային Ամերիկայի եւ Լոնտոնի շրջանները` կրկին արժանանալով յատուկ վկայագիրներու եւ նիւթական պարգեւներու: Իսկ երրորդ դիրքին տիրացած են ՀՄԸՄ-ի Աւստրալիոյ եւ Քուէյթի շրջանները, արժանանալով վկայագիրներու:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը իր շնորհաւորութիւնները կը փոխանցէ աշխարհասփիւռ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին` արձանագրուած հպարտալից արդիւնքներուն համար: Ներկայացուած արդիւնքները կը փաստեն որ ՀՄԸՄ-ի շարքերը տակաւին հաւատարմօրէն կը շարունակեն գործել «Բարձրացի՛ր-բարձրացո՛ւր» նշանաբանի ուղիով:

«« վերադարձ ««