ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Յունուար 17, 2012 Տպագրում

Պուլկարիոյ Խորհրդարանը Կը Մերժէ Ցեղասպանութեան Բանաձեւը

Պուլկարիոյ Խորհրդարանը Կը Մերժէ Ցեղասպանութեան Բանաձեւը

ՍՈՖԻԱ, «Սոֆիա Էքօ».- Չորեքշաբթի, Յունուար 11ին, Պուլկարիոյ խորհրդարանը անգամ մը եւս մերժեց ճանչնալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, այդպիսով՝ մերժելով նաեւ ազգայնական «Աթաքա» կուսակցութեան կողմէ ներկայացուած բանաձեւը:
Բանաձեւին ի նպաստ քուէարկեցին 14 երեսփոխաններ, մինչ անոր ընդդիմացան 30 ուրիշներ: 59 երեսփոխաններ նախընտրեցին ձեռնպահ մնալ քուէարկութեան ընթացքին:
«Աթաքա» կուսակցութեան ղեկավար Վոլեն Սիտերով խստօրէն քննադատեց բանաձեւը մերժելու երեսփոխաններուն քայլը՝ զայն «պատմութեան որոշ էջեր ծածկելու» համազօր քայլ մը համարելով եւ աւելցնելով, թէ Թուրքիան սիրաշահելու նպատակով որդեգրուած նման կեցուածքներ, վնաս կը հասցնեն Պուլկարիոյ:
Մինչ Պուլկարիոյ շարք մը քաղաքներու, ներառեալ՝ Փլովտիվի, Վառնայի, Պուրկասի ու Սթարա Զոկարայի, քաղաքապետութիւնները վաւերացուցած են Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւներ, նման բանաձեւ մը խորհրդարանին մէջ վաւերացնելու քանի մը փորձեր ձախողած են: Բանաձեւին դէմ աշխատանք տարած էր թրքական ծագում ունեցող պուլկարացիներու Իրաւանց եւ ազատութիւններու շարժում կուսակցութիւնը:
Ֆրանսայի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան յայտարարեց, թէ որոշումը անակնկալ մը չէր, որովհետեւ թրքամէտ կողմերը զգալի ուժ մը կը ներկայացնեն խորհրդարանին մէջ:
«Պուլկարիան, այս իմաստով, ամէնէն «դժուար» երկիրներէն մէկն է, թրքական մեծ զանգուածի ներկայութեան պատճառով: Սակայն «ամէնէն դժուար» երկիրներուն մէջ եւս, պէտք է անպայմա՛ն Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը բարձրացնել, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն», շեշտեց Վարժապետեան, աւելցնելով, թէ նման բանաձեւ մը դարձեալ պիտի ներկայացուի Պուլկարիոյ խորհրդարանին:

«« վերադարձ ««