ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ՔԼԻՆԹԸՆԻՆ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԱԾ Է

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրած է, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին` Ցեղասպանութիւններու հերքումը քրէականացնող օրինագիծը Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ հաստատելու վերաբերեալ իր կատարած յայտարարութեան համար:
Տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին կողմերը նաեւ քննարկած են յաջորդ ամիս նախատեսուած` Տաւութօղլուի Ուաշինկթըն այցելութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը ըսած էր, որ «Միացեալ Նահանգներու ուժեղ կողմերէն մէկը այն է, որ մենք երբեք խօսքը չենք քրէականացներ: Այլ երկիրներ, որոնց շարքին Միացեալ Նահանգներու դաշնակից ու բարեկամ պետութիւններ, ինչպէս` Ֆրանսան, այլ չափանիշեր, այլ պատմութիւն ունին, եւ ես յոյս ունիմ, որ մենք երբեք չենք ընթանար խօսքը քրէականացնելու անոնց ուղիով», ըսած էր Քլինթըն:


