ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Յունուար 26, 2012 Տպագրում

ՍԱՐՔՈԶԻ ԷՐՏՈՂԱՆԻՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԱԾ Է ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԵՏ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՇԱՀԵՐԸ ՆԿԱՏԻ ԱՌՆԵԼՈՒ

ՍԱՐՔՈԶԻ ԷՐՏՈՂԱՆԻՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԱԾ Է ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԵՏ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՇԱՀԵՐԸ ՆԿԱՏԻ ԱՌՆԵԼՈՒ

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին յղած է պաշտօնական նամակ մը, որուն մէջ անդրադարձած է Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ որդեգրուած ցեղասպանութիւններու հերքումը քրէականացնող օրինագիծին:
Էլիզէ պալատի ղեկավարը իր նամակին մէջ նշած է, որ այս օրինագիծը ուղղուած չէ որոշ պետութեան մը դէմ: Սարքոզի նաեւ Թուրքիոյ կոչ ուղղած է Ֆրանսայի հետ իր հասարակաց շահերը նկատի ունենալու:
Միեւնոյն ժամանակ, Ֆրանսայի մէջ շարք մը խորհրդարանականներ ստորագրահաւաքի սկսած են` երկրի Սահմանադրական դատարանին մէջ վիճարկելու համար Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի սահմանադրականութիւնը: Այդ խորհրդարանականներուն շարքին են տարբեր խմբակցութիւններէն Ժաք Մեզար, Նաթալի Կուլէ, Ժերար Լարշեր եւ ուրիշներ:
Նիքոլա Սարքոզի օրէնքը պէտք է ստորագրէ յառաջիկայ քսան օրերուն ընթացքին: Նախագահական պալատէն աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Սարքոզի փաստաթուղթին ստորագրութեան պիտի անդրադառնայ յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադառնալով Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման, յայտնած է, որ «այս հարցին առնչութեամբ մեր տեսակէտը արդէն յայտնի է: Անիկա անփոփոխ է: Այս հարցի լուծման ուղղութեամբ մեր տեսակէտն ու մօտեցումը արդէն կիսած ենք Ֆրանսայի կառավարութեան հետ: Սակայն, անկեղծօրէն, ասիկա Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ խնդիրն է, եւ մենք կ՛ուզենք, որ անոնք լաւ յարաբերութիւններ ունենան: Ֆրանսան եւ Թուրքիան Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներն են: Ահա, ասիկա է անոնց մեր ուղերձը», ըսած է Նուլընտ:

«« վերադարձ ««