ՍԱՐԳՍԵԱՆ-ՄԵՏՎԵՏԵՒ-ԱԼԻԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ
ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՇՈՒՐՋ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ԿՆՔՈՒՄԸ
ԱՐԱԳԱՑՆԵԼՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑԻՆ
Ռուսական Սոչի քաղաքին մէջ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի, Տմիթրի Մետվետեւի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումէն ետք, անոնք հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ «նկատի ունենալով խաղաղ համաձայնագիրի կնքման կարեւորութիւնը, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները պատրաստակամութիւն յայտնած են արագացնելու հիմնարար սկզբունքներուն վերաբերեալ համաձայնութիւններու կնքումը` հաշուի առնելով կատարուած աշխատանքը»:
Ըստ յայտարարութեան, նախագահները քննարկած են շփման գիծին վրայ միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմները` հաշուի առնելով ԵԱՀԿ-ի դէտերուն վերջին զեկուցումը:
«Ղարաբաղեան տագնապի ծիրին մէջ վստահութեան ամրապնդման միջոցներէն մէկը երկու երկիրներուն միջեւ մարդասիրական կապերու զարգացումն է», ընդգծած են նախագահները:
Այս ծիրին մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները պատրաստակամութիւն յայտնած են շարունակելու յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը, մասնաւորաբար հասարակական եւ գիտական շրջանակներուն մէջ:
ՄԵՏՎԵՏԵՒ - ԱԼԻԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Ռուսիոյ Սոչի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպումը:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ կողմերը քննարկած են կովկասեան շրջանին մէջ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ երկկողմ յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր: «Մենք ամուր կերպով կապուած ենք Կովկասի հետ եւ անտարբեր չենք այն ամէն ինչին նկատմամբ, որ տեղի կ՛ունենայ այստեղ...», ըսաւ` Մետվետեւ ընդգծելով նոյն օր տեղի ունենալիք եռակողմ հանդիպումի կարեւորութիւնը:
«Նման հանդիպումներ պարբերաբար տեղի կ՛ունենան, որոշ տեղ յառաջընթաց կայ, որոշ տեղ` խնդիրներ, սակայն այս երկխօսութիւնը օգտակար է, եւ ես յոյսով եմ, որ նման հանդիպումներ շարունակական ըլլան», նշեց Ռուսիոյ նախագահը:
Ալիեւ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Տմիթրի Մետվետեւին` ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղութեամբ գործադրած ջանքերուն համար: «...Եղած են յուսադրող պահեր, եղած են պահեր, երբ մեծցած է յոռետեսական տրամադրութիւնը, սակայն այն, որ դուք կը շարունակէք այդ ջանքերը, լաւատեսութիւն կը ներշնչէ», ըսաւ Ալիեւ` աւելցնելով, որ իր երկիրը շահագրգռուած է շրջանին մէջ կայունութեան պահպանումով:
ՍԱՐԳՍԵԱՆ - ՄԵՏՎԵՏԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Սոչի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումը:
Ռուսական «Վեսթի.ռու» կայքէջը կը հաղորդէ, որ կողմերը քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր: Հանդիպումին սկիզբը Մետվետեւ ըսաւ, որ «Սոչիի մէջ, լեռներու մէջ ձմեռնային հանդիպումներու բարի աւանդութիւն ձեւաւորուած է, եւ ես ատոր մէջ խորհրդանշական շարք մը բաներ կը տեսնեմ»:
Ռուսիոյ նախագահը ընդգծեց, որ ապրանքաշրջանառութեան եւ երկու երկիրներուն միջեւ գործնական հանդիպումներու զարգացման տեսանկիւնէն 2011-ը կարելի է յաջողակ նկատել:
Մետվետեւ աւելցուց, որ այսուհանդերձ, իրավիճակը կարելի չէ «փայլուն» որակել: «Կան շարք մը ոչ դիւրին մարտահրաւէրներ, որոնց շարքին` այս շրջանին մէջ», ընդգծեց ան:
Նախագահ Սարգսեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Տմիթրի Մետվետեւին` ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղութեամբ իր գործադրած ջանքերուն համար:
«Շնորհակալութիւն այն ջանքերուն համար, որ կը գործադրէք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման համար», յայտարարեց Սարգսեան` աւելցնելով, որ նման հանդիպումները թոյլ կու տան իրավիճակը քիչ թէ շատ վերահսկողութեան տակ պահել:


