ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Յունուար 17, 2012 Տպագրում

Ցեղասպանութեան Հարցը Կը Քննուի Սլովաքիոյ Խորհրդարանին Մէջ

Ցեղասպանութեան Հարցը Կը Քննուի Սլովաքիոյ Խորհրդարանին Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սլովաքիա կը շարունակէ պնդել, թէ մինչեւ Եւրոմիութեան անդամակցիլը, Թուրքիա պէտք է հասնի առաջադրուած բոլոր չափանիշերուն. այսպէս ըսած է Սլովաքիոյ խորհրդարանի նախագահի խորհրդական Թոմաշ Զալեշաք, որ նաեւ անդրադարձած է Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին՝ յիշեցնելով, որ երկրին խորհրդարանը վաւերացուցած է քանի մը յայտարարութիւններ՝ ցեղասպանութիւններու եւ անոնց ուրացման մասին:
Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ՝ Սլովաքիոյ խորհրդարանը 2004ի Նոյեմբեր 30ին վաւերացուցած էր թիւ 1341 բանաձեւը, ուր նշուած էր, թէ Սլովաքիոյ խորհրդարանը կը ճանչնայ 1915ի Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ զայն նկատելով մարդկութեան դէմ ոճիր:

«« վերադարձ ««