ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Յունուար 18, 2012 Տպագրում

ՃԱՏՐԱԿ. ՀԱՅՐԵՆԻ ԿՐԱՆՏՄԱՍԹԸՐՆԵՐՈՒՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ` ԱՅՆԻ ՄԷՋ

ՃԱՏՐԱԿ. ՀԱՅՐԵՆԻ ԿՐԱՆՏՄԱՍԹԸՐՆԵՐՈՒՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ` ԱՅՆԻ ՄԷՋ

Armchess.am հայկական ճատրակի լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ հայրենի կրանտմասթըրներ Վլատիմիր Յակոբեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Հրանդ Մելքումեան, «Մոհտ Ռասուլ Խուրի եւ որդիք» խումբին հետ Այնի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) իրենց մասնակցութիւնը բերած են Այնի առեւտրական ընկերութիւններու խմբային ախոյեանութեան:
Խումբը, որուն հովանաւորը եղած է Եուսեֆ Խուրի, առաւելագոյն 21 կէտէն 18 կէտ ապահովելով գրաւած է առաջին դիրքը եւ տիրացած տիտղոսին:
ՀԱՅՐԵՆԻ վարպետ Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Վիյք Աան Զիի (Հոլանտա) ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, երէկ 4-րդ հանգրուանին իր կատարած մրցումին յաղթեց Կաթա Քամսքիի: Այժմ Արոնեան 3 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը:
Մակնիւս Քարլսըն, որ 3-րդ հանգրուանին յաղթեց Արոնեանի, նոյնքան կէտով կը գտնուի երկրորդ դիրքին վրայ:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 14 վարպետներ:
Նոյն այս մրցաշարքին, սակայն աղջկանց մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Էլինա Դանիէլեան այժմ 1 կէտով միայն կը գրաւէ 12-րդ դիրքը` 14 մասնակցողներու մէջ:

«« վերադարձ ««