Share
Յուլիս 21, 2009 Տպագրում

«Արձագանգ»ի վահանակին արժանացան 18 հիմնադիր բարեկամներ

«Արձագանգ»ի վահանակին արժանացան 18 հիմնադիր բարեկամներ

Յուլիս 15-ի «Արձագանգի Բարեկամներ»ու հիմնադիր ընթրիքին մասնակցած, կամ մասնակցութիւնը հաստատած՝ սակայն բացակայած անձերուն շնորհուեցան գեղեցիկ վահանակներ, որոոնց վրայ զետեղուած է հայրենի արուեստագէտ Ռուբէն Մալայեանի «ԱԲԳ» խորհրդանկարը։

«Արձագանգի Բարեկամներո»ու հիմնադիր անդամներ հռչակուած են՝ խորհրդարանի նախագահ Մարիոս Կարոյեան եւ իր կողակիցը, Սեպուհ Դաւիթեան, Անդրանիկ Աշճեան, Արթօ Թելլալեան, Մկօ Գոճամանեան, Պօղոս Մահտեսեան, Վերա Դաւիթեան, Սեպուհ Արմենակեան, Մարուան Թիքքա, Աւօ Թերզեան, Յակոբ Գազանճեան, Բիւզանդ Նաճարեան, Արամ Դաւիթեան, Րաֆֆի Մահտեսեան եւ երեք ազգայիններ որոնք փափաքած են անանուն մնալ։

Մինչայդ, «Արձագանգ»ի դրամահաւաքի արշաւը կը շարունակուի մեծ կամ փոքր նուիրատուութիւններով։ Նշենք, որ 500 եւրօ կամ աւելի նուիրաբերողը կը նկատուի «Արձագանգի Բարեկամ»։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker