Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ Յակոբ Բագրատունի կ'ընդունուին Մարիոս Կարոյեանի կողմէ
Երէկ, Ուրբաթ 27 Նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 11։30-ին Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Մարիոս Կարոյեան ընդունեց հայկական պատուիրակութիւն մը, բաղկացած ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեանէ, Լիբանանի խորհրդարանի հայկական խմբակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիէ, նախկին նախարար Ալէն Թապուրեանէ,կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանէ, ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Գազանճեանէ եւ Վահան Այնէճեանէ։
Մտերիմ ու ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին փոխանակուեցան նուէրներ եւ տեղի ունեցաւ գաղափարներու փոխանակութիւն կիպրական եւ հայկական հարցերու նորագոյն զարգացումներուն մասին։
Մարիոս Կարոյեան անգամ մը եւս իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Լիբանանի մէջ իրեն հանդէպ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար եւ վերահաստատեց իր վճռակամութիւնը՝ ամէն տեղ ու ամէն առիթով զօրակցելու Հայ Դատին ու հայութեան մղած պայքարներուն։
«« վերադարձ ««



