Սեպտեմբեր 24, 2009

«« վերադարձ ««
Ստորագրահաւաք նաեւ Կիպրոսի Հայ Համայնքին կողմէ

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէն յայտարարեց, թէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու հրապարակային քննարկման ծիրէն ներս, այդ փաստաթուղթերու անընդունելի կէտերուն բարեփոխման ի խնդիր ստորագրահաւաք սկսած է նաեւ կիպրահայութեան կողմէ։
Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Գազանճեան նշեց, թէ կիպրահայութիւնը չի կրնար անտարբեր գտնուիլ համահայկական բողոքի այս արտայայտութեան հանդէպ ու յայտնեց, թէ յառաջիկայ մի քանի օրերուն մեր ընկերները յատուկ արշաւի պիտի սկսին։ Անոնք որ կը փափաքին մասնակցիլ ստորագրահաւաքին կրնան դիմել նաեւ ՀԵՄ-ի ակումբը։


